2015-04-28 08:53:00

Երբ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յուզեց համայն հայութիւնը


Մեր քրիստոնեայ եղբայրներէն շատերը նաեւ իրենց ազգային պատկանելիութեան համար դաժանօրէն կը սպաննուին, կը գլխատուին, կը խաչուին, ողջ-ողջ կը հրկիզուին, կամ բռնի կերպով կը տեղահանուին: Այսօր եւս, ցաւօք սրտի, տակաւին կ՛ապրինք տեսակ մը ցեղասպանութիւն, որուն պատճառը համընդհանուր լռութիւնն է»:

Մարդկութիւնը անցեալ դարուն երեք մեծագոյն ողբերգութիւններ ապրած է, «առաջինը համընդհանուր ձեւով կը սահմանուի իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն, որուն զոհ գնաց ձեր հայ ազգը, ինչպէս նաեւ յոյներն ու ասորիները, զոհ գացին նաեւ կիներ, ծերեր, նոյնիսկ երեխաներ:

Այս խօսքերը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը արտասանեց Հռոմի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ՝ Հայոց ցեղաստանութեան 100-րդ ամեակին առթիւ որուն ընթացքին «Ցեղասպանութիւն» բառը գործածեց:

Այս խօսքերով Ֆրանչիսկոս Պապը մատը դրաւ բուն եւ կարեւորագոյն վէրքին վրայ, այն վէրքը որ շատերուն ցաւ եւ մտահոգութիւն պատճառեց: Առաջին անգամ ըլլալով Վադիկանի գլուխը եւ 1 միլիար եւ 300 միլիոն կաթողիկէ հաւատացեալներու հոգեւոր պետը ան բոլորովին կը հեռանար դիւանագիտութենէն. իր խօսքը եղաւ աղաղակ մը արդարութեան եւ քաջութեան:

Սրբազան Քահանայապետը կրցաւ առանց վախի ճշմարտութիւնը արտայայտել, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող նոր հալածամքներուն եւ ջարդերուն որոնք կը կատարուին քրիստոնեայ ժողովուրդին դէմ յանուն շահերուն, կրօնքի եւ անձնական գաղափարներուն: Հայաստանի նախագահը կը յայտարարէր Ապրիլ 12-ի պատմական Սուրբ Պատարագէն ետք թէ Պապին խօսքը միջազգային ընտանիքին ուժեղ պատգամ մը մղեց, յայտնի էր Պապին զգացումները երբ կը մտածէր այն սուտերուն եւ խարդախ խոստումներուն որ կը ստանար մեծ ղեկաւարներէն:

Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ այն անխիղճ պատասխանատուներուն մասին որոնք կը շարունակեն իրենց ոճիրը գործել տկար եւ անմեղ քրիստոնեաներուն վրայ:

«Կը թուի, թէ մարդկութիւնը չի դադրիր անմեղ արիւն հոսեցնելէ, կը թուի, թէ մարդկային ընտանիքը կը մերժէ սորվիլ անցեալի իր սխալներէն, եւ այսօր եւս տակաւին կան ոմանք, որ ջանք կը թափեն ջնջելու իրենց նմանները, մեղսակցութեամբ անոնց, որոնք անտարբեր ըլլալով չեն գործեր: Տակաւին չենք սորված, որ պատերազմը խենթութիւն է:

Իսկական ցունամի մըն էր այս ցնցիչ խօսքերը որոնք փոխեցին գաղափարները արեւմտեան աշխարհին ղեկաւարներուն ճանչնալով ցեղասպանութիւնը, խնդրելով հատուցումները եւ պահանջելով պաշտպանութիւնը այն տկար մարդոց որոնք թերախ կը դառնան այն լուռ չարչարանքներէն:

Եկէ՛ք անսանք մեր բիւրաւոր նահատակներու կոչին որոնք կ'ըսեն մեզի սթալինեան հալածանքներու նահատակ Եղիշէ Չարենցի բերանով. «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժին մէջ է»: Մեր միութեամբ կը յաղթահարենք ամէն խոչընդոտ, որ կը յայտնուի հայու ճակատագրին: Այս հաւատքով յաղթեցինք ղարաբաղեան գոյապայքարը. միութեամբ ու համերաշխութեամբ պիտի շարունակենք մեր պապերուն հաւատքը կրօնին, յոյսը ապագային ու սէրը մէկս միւսին հանդէպ:

 

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.