2015-04-27 09:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը` Աստուածային Ողորմութեան նուիրուած գիտաժողովի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սիկիլիոյ Ճելա թեմը ժողով մը  գումարած է Աստուածային Ողորմութեան նիւթին մասին։ Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց ժողովականներուն։

‘’Նախախնամական բարեպատեհութիւն մըն է, խորացնելու Յիսուս Քրիստոսի քարոզութեան գլխաւոր նիւթերէն մէկը` Ողորմած Հօր Աստուծոյ Դիմագիծը’’, այսպէս կը գրէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ճելայի եկեղեցւոյ ուղղած եւ Կարդինալ Փարոլինին ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ։ Ժողովին կը մասնակցին եկեղեցական բոլոր այն շարժումները որոնք կը ներշնչուին Աստուծոյ անհուն ողորմութենէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.