2015-04-27 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 27 ապրիլի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 27 ապրիլ 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հռոմի Րաբունապետ Փրո. Ռիքքարտօ Տի Սենյին որմէ ետք ընդունեց Շուէտի Սիլվիա Թագուհին ու անոր ընկերացող շքախումբը որոնք ապա յետմիջօրէին այցելեցին Վատիկանի առաքելական Մատենադարանը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ընդունեց Եգիպտոսի մօտ առաքելական նուիրակ եւ Արաբական Լիկայի մօտ Սուրբ Աթոռի տեղապահ գերապայծառ Պրունօ Մուզարօն, ապա Քուպայի մօտ առաքելական նուիրակը գերապայծառ Ճորճօ Լինկուան։

Ժամը 11.15-ին Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Պենինի հանրապետութեան եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն որոնք Վատիկան ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ 

Այս առթիւ,  անոնց փոխանցած գրաւոր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ հանդիպումի մասին ուր կը յայտնաբերուի Եպիսկոպոսներու եւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին միջեւ եղբայրական սերտ կապերը ու քաջալերեց Եպիսկոպոսները իրենց թեմերուն մէջ, եւս զգալու այս միութեան արդիւնքները որ կը մարմնաւորուին միեւնոյն  Տիրոջ հանդէպ ծառայութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը ապա  անդրադարձաւ  աշխարհի  զանազան երկիրներու մէջ Քրիստոնէութեան հակառակ փչող փոթորիկներուն ու մանաւանդ Պէնին քաղաքին մէջ,  յորդորելով՝   որ միայն  հաւատացեալներու սրտերուն մէջ արմատացած զօրաւոր հաւատքով է, որ կարելի է դիմագրաւել այդ հակառակ հոսանքները։

Այս առնչութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց  ընտանիքի  հովուական խնամակալութեան  յոյժ կարեւորութիւնը, յատկապէս՝ Սուրբ Պսակի խորհուրդը,  նկատի առնելով Երկրի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը՝ ընկերային եւ մշակութային կարգավիճակը, ինչպէս նաեւ Երիստասարդներուն եւ անոնց դաստիարակչական կազմաւորման, գնահատանք յայտնելով Եպիսկոպսներուն Պէնինի մէջ նոր բացուած  Կաթողիէ բազմաթիւ դպրոցներուն ի տես։

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց նաեւ երկրին մէջ միջ- կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը յատկապէս Իսալմներու հետ,  առանց սակայն  խաթարելու քրիստոնէական  սկզբունքները։

Գրաւոր պատգամի աւարտին, Ֆրանչիկոս Պապը յայտնեց  թէ Ինք՝ քաջ տեղեակ է Պէնինի մէջ  Եկեղեցւոյ եւ քաղաքացիական  աշխարհի միջեւ կայացած բարի կապերուն  մասին  եւ քաջալերեց եպիսկոսները յարատեւլու նոյն ուղղութեամբ։

Ապա հայցելով Տիրամօր հովանին անոնց  ու բոլոր կղերական դասին եւ ժողովուրդին շնորհեց առաքելական օրհնութիւններ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.