2015-04-27 11:45:00

Նէփալի մէջ զոհերու թիւը գերազանցած է 3600 հոգիները։


Շաբաթ`, ապրիլ 25-ին, Նէփալի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով, զոհերու թիւը գերազանցած է  3600 հոգիներ, իսկ վիրաւորներու թիւնը հասած է 6.5 հազարի։

Ուժգին երկրաշարժէն ետք՝ քաղաքին մէջ ցնցումները կը շարունակուին։ Առաջին երկրաշարժը տեղի ունեցած է ապրիլ 25-ին, տեղական ժամանակով ժամը 11.41-ին՝  7.9 զօրութեամբ,  իսկ՝ երկրորդ  ցնցումը տեղի ունեցած է  ժամը 12.15ին, 6.6 զօրութեամբ։

Երկրաշարժի աղէտի հետեւանքով ամենէն շատ վնասուած է Նեփալի մայրաքաղաքը ուր զոհ գացած են հազարաւոր մարդիկ ինչպէս նաեւ վնասուած են քաղաքի պատմական կեդրոնները որոնց շարքին, 1832ին, կառուցուած՝ Զարահարի դիտաշտարակը, որ մաս կը կազմէր Եունէսքոյի  համաշխարհային ժառանագութեան ցուցակին։

Կը հաղորդուի թէ 1934-ին, Նէփալ քաղաքին  մէջ տեղի ունեցած է  8.5 զօրութեամբ երկրարշարժ մը, որուն հետեւանքով զոհ գացած են 8500 հոգիներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.