2015-04-27 10:17:00

Մեծ Եղեռնի 100 ամեակի սուրբ Պատարագ եւ թափօր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի մէջ


Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը՝  26 ապրիլ  2015, կիրակի երեկոյեան ժամը 5-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանիշրջաբակին մէջ (ժէիթաուի) մատուցուած հանդիսաւոր սուրբՊատարագով յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդտարելիցը։  Սուրբ Պատարագը մատուցանեց եւ քարոզեցարհիապատիւ հայր Գէորգ արքեպիսկոպոս Խազումեան՝վաստակաւոր առաջնորդական օգնականը Պոլսոյ Հայ ԿաթողիկէԹեմին,  առընթերակայութեամբ Զմմառու Նորընծայարանիփոխտեսուչ գերապատիւ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի եւԶմմառու վանքի մատակարար գերապատիւ հայր Եղիա վրդ.Դերձակեանի: Սուրբ Պատարագին սպասաւորութիւնը կատարեցինԶմմառու զոյգ ընծայարաններու ժառանգաւորները, երգեցողութիւնը՝ կատարեց «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, մենակատարութեամբ Միրէյ Քիւթիւքճեանի, երգեհոնի վրայ՝ Ժան ՓիէրԱստիքեան:

Սուրբ Պատարագին մասնակցեցաւ արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան վաստակաւոր առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմին եւ գերապայծառ հայր Գաբրիէլ թծվ Մուրատեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր, ինչպէս նաեւ ժողովրդապետներ, հոգեւորականներ եւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրեր: Ներկայհաւատացեալ հասարակութեան առաջին շարքերուն վրայ կը նշմարուէրներկայութիւնը  Հայ Աւետարական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝վերապատուելի Ռաֆի Մսրլեանի,  Հայաստանի Հանրապետութեանարտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, ՀՀ հիւպատոսի, ինչպէսնաեւ լիբանանցի քաղաքական դէմքերու, հայկական կուսակցութեանց, միութիւններու ներկայացուցիչներու։ Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնները, վարժարաններու տնօրէնները եւ ուսուցչակազմերը,Աղքատախնամ Միութիւնները, պատանեկանները եւ սկաուտական խումբերը, ինչպէս նաեւ ՀԿՄի շեփորախումբը:

Յընթացս սուրբ Պատարագին արտասանած քարոզին մէջ, արհիապատիւԽազումեան շեշտեց նահատակութեան վրայ եւ արժեւորելով Վատիկանի եւԷջմիածնի մեծ հանդիսութիւնները, խրախուսեց հհաւատացեալները աւատարիմմնալ մեր նահատակաց կտակին:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, աւանդութեան համաձայն, ներկայ ժողովուրդը՝ առաջնորդութեամբ պատարագիչ արքեպիսկոպոս Հօր եւ հոգեւորականներուդասին,  ՀԿՄի շեփորախումբին հնչեցուցած ազգային հայրենասիրականեղանակներու կշռոյթով թափօր կազմած՝ ուղղուեցաւ Հայ ԿաթողիկէՊատրիարքարան, ուր տեղի ունեցաւ  Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողինվրայ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն եւ աղօթք:

Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշանակին նուիրուած հոգեպարար արարողութիւնները աւարտեցան ներկայժողովուրդին կողմէ միաբերան բարձրացուած Տէրունական Աղօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.