2015-04-27 12:45:00

Իսրայէլի Նախագահը ընդունած է երկրի Հայ Համայնքի ներկայացուցիչները։


Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիւլին Ապրիլ 26-ին Երուսաղէմի իր նստավայրին մէջ ընդունած է երկրի մեծաթիւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները: 

«Մենք բարոյական պատասխանատւութիւն ունինք` մատնանշելու փաստերը, որքան ալ որ անոնք ահաւոր ըլլան: Մենք պէտք չէ զանոնք անտեսենք: Հայ ժողովուրդը դարձած է արդի պատմութեան առաջին զանգուածային սպանութեան զոհը: Մենք չենք ձգտիր մեղքը բարդել որեւէ յստակ երկրի վրայ, սակայն համերաշխութիւն կը յայտնենք կոտորածին արհաւիրքը տեսած հայերուն հետ»,- ըսած է Ռիւլին, որուն խօսքը մէջբերած է նախագահի մամուլի ծառայութիւնը: «Հոլոքոսթի սարսափներէն յետոյ հայ ժողովուրդի ողբերգութեան զոհերուն յիշատակը յարգելը մեր` հրեաներուս, մարդկային ու բարոյական պարտականութիւնն է: Ես հպարտ եմ ձեզ ընդունելու այստեղ` նախագահի նստավայրին մէջ, որպէսզի այդ օրը նշեմ ձեզի հետ»,- ըսած է Ռիւլինը հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, որոնք նման առիթով առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած էին Իսրայէլի նախագահի հետ հանդիպման:

Հանդիպման ընթացքին՝ Երուսաղէմի հայկական պատրիարքարանի ներկայացուցիչ Արիս արքեպիսկոպոս Շիրվանեան, «հիասթափութիւն յայտնած է, որ Իսրայէլը ցեղասպանութիւն չ՝անուաներ հայերուն սպանութիւնները»: «Նախագահը յայտարարած է, որ ի գիտութիւն ընդունած է քննադատութիւնը եւ ունի այն կարծիքը, որ Իսրայէլի ղեկավարութիւնը պէտք է աւելին ընէ, որպէսզի առաջադրէ հայերու սպանութեան հարցը: Ան ընդգծած է կայացած քննարկման կարեւորութիւնը»,- ըսուած է հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերեալ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.