2015-04-25 09:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 24 ապրիլի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յիսուս, երբեք չի մոռնար մեր հետ Իր ունեցած  առաջին հանդիպումը , խնդրենք Աստուծմէ  յիշողութեան շնորհքը,  որպէսզի  յիշենք Յիսուսի հետ  մեր ունեցած  առաջին հանդիպումը'', այս եղաւ Ֆրանչիսկս Պապի , ուրբաթ 24 ապրիլին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած  քարոզին նիւթը։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, թէ Յիսուսի հետ առաջին հանդիպումը ՝ կը փոխէ կեանքը, օրինակ բերելով Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Յովհաննէս առաքեալներու՝ Յիսուսի հետ հանդիպումը, որ արմատականօրէն փոխեց անոնց  կեանքը եւ Սուրբ Պետրոս հանդիսացաւ ժայռը՝ առաջին հասարակութեան։.

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց խոկալ  թէ ե՞րբ իսկապէս զզացած ենք Տիրոջ մօտիկութիւնը, ե՞րբ տեղի ունեցած է Անոր հետ մեր առաջին հանդիպումը,  որովհետեւ մեր հաւատքը հանդիպում մըն է Յիսուսի հետ եւ  ասիկա  հիմքն է մեր հաւատքին։

Ֆրանչիսկոս Պապը այլ պարտականութիւն մըն ալ  յանձնարարեց՝  առնել Աւետարանը մեր ձեռքերուն մէջ եւ հոն տեսնել զանազան  դրուագներ՝ Յիսուսի մարդոց հետ հանդիպումները, ինչպէս նաեւ  տեսնել  թէ ինչպէ՞ս Յիսուս ընտրած է իր առաքեալները,  թերեւս,  այն հանդիպումներէն մէկը կը նմանի մեր ՝ Յիսուսի հետ ունեցած հանդիպումին, որովհետեւ, Իւրաքանչիւրս ունի իր յատուկ հանդիպումը Յիսուսի հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակեց իր քարոզը յորդորելով ,որ երբեք չի մոռնանք առաջին Սէրը, Յիսուսի հետ մեր յարաբերութիւնը որ Սիրոյ անհատական յարաբերութիւն է։

՝՝Խնդրենք Տիրոջմէ յիշողութեան շնորհքը, յիշելու համար  Տիրոջ հետ, սիրոյ՝ առաջին հանդիպումը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.