2015-04-25 14:14:00

Քրիստոս՝ մեր լոյսը. Խոկումներ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիէն


Լոյսի եւ խաւարի գաղափարները կրօնքի մէջ միշտ եղած են հիմնական խորհուրդներէն։ Առանց խորանալու կրօնագիտական վերլուծումներու մէջ յիշենք միայն որ քրիստոնէութեան մէջ “Լոյս”ի խուրհուրդը սերտօէն առընչուած է Աստուծոյ հետ, Քրիստոսի հետ։ Քրիստոս կ’անուանենք “Լոյս”, “Արեգակ”, “Ցոլք” կամ “Փայլ”։ Յատկապէս զատկական շրջանին Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը իր լուսաւոր ամբողջ արտայատչականութեամբ կը ներկայանայ մեզի։ Քրիստոս մարդ արարածը կը փրկէ Աստուծմէ հեռաւորութեան խաւարէն։

Լոյսը, կրակը, արեգակը մշակոյթներու, մարդկային կեանքի համար յատուկ երեւոյթներ են։ Լոյսի մէջ մարդ ինքզինք ապահով կը զգայ, լոյսը եւ ջերմութիւնը հաճելի զգացում կու տան։ “Լոյս” բացատրութիւնը կը գործածուի նաեւ զարգացումի համար, բանականութեան համար՝ “լուսաւորութեան դար” եւն։ Իսկ բանականութեան բացակայութիւնը երբեմն կ’որակուի իբր “հոգեւոր խաւար”, “հոգեկան մթութիւն” եւն։

Արարչագործութեան առաջին օրն իսկ Աստուած կը ստեղծէ լոյսը՝ “Երկիրը անձեւ եւ անկազմ էր, խաւար կը տիրէր անհունի վրայ եւ Աստուծոյ հոգին կը շրջէր ջուրերու վրայ։ Եւ Աստուած ըսաւ. ‛թող լոյս ըլլայ’։ Եւ լոյս եղաւ։ Աստուած տեսաւ, որ լոյսը լաւ է, եւ Աստուած լոյսը բաժնեց խաւարէն։ Աստուած լոյսը կոչեց ցերեկ, իսկ խաւարը կոչեց գիշեր։ Եւ եղաւ երեկոյ, եւ եղաւ առաւօտ՝ օր առաջին։” (Ծննդ Ա. 2-5) “Եւ երկիր էր աներեւոյթ եւ անպատրաստ. Եւ խաւար ի վերայ անդնդոց. եւ հոգի Աստուծոյ շրջէր ի վերայ ջուրց։ Եւ ասաց Աստուած, եղիցի լոյս. Եւ եղեւ լոյս։ Եւ ետես Աստուած զլոյսն զի բարի է։ Եւ մեկնեաց Աստուած ի մէջ լուսոյն եւ ի մէջ խաւարին։ Եւ կոչեաց Աստուած զլոյսն տիւ, եւ զխաւարն կոչեաց գիշեր։ Եւ եղեւ երեկոյ եւ եղեւ վաղորդայն՝ օր մի։“

Բարսեղ Կեսարացի “Վեցօրեայ Արարչութեան” մեկնութեան մէջ կը գրէ՝ “Առաջին բանիւն Աստուծոյ կատարեալ կազմեալ լիով իւրով բնութեամբն։ Եւ այսու բարբառովն լուծաւ եղծաւ խաւարն, եւ քակեցաւ ապականացու աղջամուղջն. Սատակեցաւ կորեաւ տխրութիւնն, եւ զուարթացան եւ զուարճացան արարածք ամենայն։ Արդ զի՞նչ ինչ ունիցիմք արժանաւոր ասել ընդ լուսոյն՝ թէ բարի է, ուր արարիչ նորա վկայեաց կանխաւ՝ թէ բարի է։” (Ճառ Բ.)

Գրիգոր Նարեկացիէն կը քաղենք յիշատակումներ լոյսի խորհուրդին։

Նարեկացի ուժեղ բացատրութիւններով կու տայ Աստուածային լոյսի, կամ ինքնին Քրիստոսի եւ մարդկային խաւարի հակասութիւնը։ Ան՝ աստուածային լոյսին տակ առաւել եւս մթագնած կը տեսնէ մարդային սիրտը, միտքն ու հոգին։ Բոլոր սուրբերը՝ իրենց Աստուծոյ մերցեցման աստիճանի համապատասխան կը տեսնէին իրենց մարդկային խեղճութիւնը։

Գրիգոր Նարեկացի “Մատեան Ողբերգութեան” գրքին մէջ Քրիստոս կ’անուանէ “Անստուեր ծագում, ամենափայլ ճառագայթ, խոստովանուած լոյս։” (Գ, ա) Անստուեր՝ առանց մեղքի, առանց արատի, առանց որեւէ բացասական նշոյլի։ “Նա զի՝ եւ չիք իսկ առ քեզ ցասումն սրտի, եւ կամ բորբոքումն բարկութեան, որպէս ոչ կրկին նենգութիւնք, եւ կամ նշմարք մթութեան։” (ԺԵ. ա.) Ամենափայլ ճառագայթ՝ շլացուցիչ, անհասանելի, զոր կը խոստովանինք։ Արդ՝ ցասում, բարկութիւն, նենգութիւն, որ մարդկային “մթութեան” արտայատութիւններ են չկան Աստուծոյ մօտ։ Թէեւ Հին Կտակարանի մէջ կը տեսնենք այսպիսիներ վերագրուած Աստուծոյ։ Նարեկացիի համար յստակ է՝ Քրիստոսի մարդեղութեամբ եւ փրկչագործական արարքով կը յայտնուի մեզի Աստուած միայն իր բարութեամբ, իր “բարութեան առաւելագոյն լոյսով” (ԺԴ. դ.) հակառակ որ ես “մեղաւորս մոլորութեան մէջ եմ՝ անլոյս եւ անել։” (ԺԵ. բ.)

Ինչպէ՞ս կարող եմ տեսանող կոչուիլ, երբ խաւարած եմ իմ ներքին լոյսս (ԻԱ, դ), կը գոչէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի։ “Իսկ դուն՝ Աստուած՝ ըլլալով լոյս եւ լուսատու, չես լսեր անէծք եւ չես ախորժիր չարէն (ՀԶ, ա), չես մթագնիր սիրով (ՀԶ, ա), լոյս ես համակ եւ փրկութիւն ամբողջովինֆ” (ՀԶ, ա)








All the contents on this site are copyrighted ©.