2015-04-25 11:22:00

Հայոց Ցեղասպանութաեան ոգեկոչում Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ։


Ուրբաթ, 24 ապրիլին,  Ապրիլեան եղերնի 100-րդ տարելիցին առթիւ,  Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս հայկական Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ  մատուցեց Լեւոնեան Վարժարանի տեսուչ Գերյ Հայր Գէորգ վրդ Նորատունկեանը, ի ներկայութեան Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին, Սուրբ Աթոռի մօտ Հայսաստասնի Հանրապետութեան դեսպան Տիար Միքայէլ Մինասեանի, կրօնաւորներ կրօանւորուհիներու եւ մասնակցութեամբ հարիւրաւոր հայ եւ օտար  հաւատացեալներու։

Այս առթիւ  Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը` կարդինալ Լէօնարտօ Սանտրի  ողջոյնի խօսք մը ուղեց ներկաներուն,  որուն մէջ անդրադարձաւ Հարիւր տարի առաջ հայ ազգի նահատակ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք սպաննուեցան  - ըսաւ Ան -  իրենց շրթներուն վրայ կրելով Յիսուսի անունը։

Կարդինալ Սանտրի մտանանշեց  թէ նահատակներուն  թափած արտասուքը եղաւ սերմը վեհ յոյսի մը , եւ հարկ է, որ  միեւնոյն սերմով մշակել մեր դաշտերը որ է մեր այսօրուայ տառապող աշխարհը։ 

''Հայ ազգի ապրած մեծ եղեռնը , մարդկութեան պատմութեան մէջ կը մնայ խաւար էջ մը'' ըսաւ ծիրանաւորը յոյս յայտնելով, որ աշխարհի հզօրները,  պարզութեամբ կրկնեն Ֆրանչիսկոս Պապին 12 ապրիլ 2015ին Աստուծմէ հայցած շնորհքը, վերահաստատելու Հայ ազգի եւ թուրք ժողովուրդին մէջեւ համերաշխութեան ուղին։

 

Իր Խօսքին աւարտին, Կարդինալ Սանտրի, յայտնեց թէ սեպտեմեր 2015ին, Եւրեւան պիտի մեկնի ներկայ գտնուելու համար Գարեգին Բ Վեհափառ հայրապետի հովանւորութեամբ կատարուելիք միւռօնօրհներգի արարողութեան, եւ այս առթիւ, Ան,  Հայաստանի վճիտ երկինքիներէն պիտի վայելէ արարատ լեռը, որ ըստ աւանդութեան կանգնած է Նոյի Տապանը

Կարդինալ Սանտրի իր պատգամը եզրափակեց ըսելով հայցենք՝  Տիրամօր , Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի բարեխօութիւնը, որպէզի այսօրուայ սուրբ արարողութիւնը որ կը կատարուի համայն աշախարհի մէջ, հանդիսանայ նշանը` ժողովուրդի մը վիշտով լի Նոյի տապանի լերան վրայ զետեղուելու նշանը, որպէսզի նոր կեանք մը վերածաղկի։ Այսօր եւս Աստուած կ՛ընծայէ ծիրանի գօտիի նշանը որպէսզի երկնքի ու երկրի միջեւ, մարդու ու մարդու միջեւ տիրէ խաղաղութիւն եւ անհասկացոյութիւն, անարդարութիւն, ատելութիւնն ու հալածանքը փարատի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.