2015-04-25 11:32:00

Չինաստանի առաջին առաքեալ հայր Մաթէօ Ռիչիին ի պատիւ Սուրբ պատարագ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 26 Ապրիլին, Մաքաոյի պատմական դպրեվանքի ս. Յովսէփի նուիրուած մատրան մէջ, ձայնաւոր պատարագ կը մատուցի ի պատիւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ եւ Չինաստանի առաջին առաքեալ`հայր Մաթէօ Ռիչիի (1552-1610)։ Ան եղաւ միակ օտարազգի առաքեալը որ կարողացաւ ապրիլ ու մեռնիլ Փեքինի մէջ, կայսերական պալատին մէջ։ Ան եղաւ կամուրջ մը Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ։ Անոր սրբադասումի դատը սկսած է։

Ս. Յովսէփի նուիրուած դպրեվանքը եղած է քարոզութեան ղրկուած օտար քահանաներու կազմաւորումի վայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.