2015-04-24 13:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Նամպիա եւ Լէսոթօ երկիրներու եպիսկոպոսներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 24 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10.30ին, Ֆրանչիսկոս Պապը  իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Չէխ Հանրապետութեան նախագահ Տիար Միլոս Զէման, անոր կողակիցն ու իրենց ընկերացող պատուիրակութիւնը։

Ժամը 11.15ին, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Հաւատոյ ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Կերարտ Լուտվիկ Մուլլէրը,  որմէ ետք ժամը 11.45ին հանդիպում ունեցաւ  Տիկին Անա Մարիա Ֆրէրի հետ։

Կէսօրին,  Ֆրանչիսկոս Պապը  ընդունեց  Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ գտնուող Նամպիա եւ  Լէսոթօ երկիրներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները, որոնք Հռոմ ժամանած են  իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելուՍուրբ Պետրոսի յաջորդին։

 

Յայտնենք որ վերոյիշեալ Երկու պետութիւններու բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են։

Նամպիայի հաւատացեալներու մեծ մասը բողոքական են մինչ Լեսոթոյի մէջ մեծամասնութիւնը կաթողիկէ են։

Տեղական եկեղեցւոյն առաջնահերթութիւնը ինքնաբաւ եւ ուրախ ըլլան է։ Եկեղեցին հիմնուած է քարոզիչներէ, թէեւ անոնց թիւը այսօր երթալով կը պակասի, ու այս պատճառաւ է որ եկեղեցին հաւատացեալներէն կը խնդրէ որ աղօթեն Հունձքի Տիրոջ, որպէսզի մշակներ ուղարկէ իր այգիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.