2015-04-23 14:16:00

Իսլամութեան հետ երկխօսութիւնը կարեւոր է` Միջկրօն. երկխօսութեան Քահան. խորհուրդ


(Ռատիօ Վատիկան) Վերջին ժամանակներու ցաւալի դէպքերուն ի տես, շատեր կը հարցադրեն. իմաստ մը ունի՞ երկխօսութիւնը իսլամներուն հետ։ Պատասխանն է այո, աւելի քան երբեք։

Նախ եւ առաջ որովհետեւ իսլամներու մեծամասնութիւնը կը մերժէ տեղի ունեցող բարբարոսութիւնները։

Ներկայիս կրօնք բառը հոմանիշ դարձած է բռնութիւն բառին, մինչ հաւատացեալներու պարտականութիւնն է ցոյց տալ որ կրօնները յառաջընթաց են խաղաղութեան եւ ոչ թէ բռնութեան։ Ներկայ ժամանակներուն դժբախտաբար խումբ մը իսլամներ չարաշահելով իրենց կրօնքը` իսլամութիւնը, զայն դարձուցած են հոմանիշ ատելութեան, բռնութեան եւ ահաբեկչութեան։

Նման կացութեան մէջ կանչուած ենք ամրապնդելու եղբայրակցութիւնը ու երկխօսութիւնը։ Մարդը Արարիչ Աստուծմէ ստեղծուած է, հետեւաբար մարդկութիւնը կը պատկանի մէկ ընտանիքի մը։ Մենք քրիստոնեաներս կը հաւատանք որ Աստուած Սէր է, հետեւաբար կանչուած ենք երկխօսութեան, նոյնիսկ երբ կը փորձարկենք հալածանքը, երկխօսութիւնը կարող է դառնալ յոյսի նշան մը։ Ամէնքս կանչուած ենք վերատեսելու` կեանքին որակը ընտանիքին մէջ, կրօնքը ու պատմութիւնը դասաւանդելու եղանակը, քարոզներու պարունակութիւնը պաշտամունքի վայրերուն մէջ։

Ընտանիքը եւ դպրոցը հիմնաքարերն են, որուն վրայ կը հիմնուի վաղուայ աշխարհը եւ որ պէտք է կառուցուի փոխադարձ յարգանքի եւ եղբայրակցութեան վրայ։

Ամենակալ Տէրը, կեանքի ու խաղաղութեան Աստուած է։

Աշխարհը կ՛ակնկալէ բոլոր անոնցմէ որոնք ճշմարտապէս կը պաշտեն զԱստուած որ ըլլան այրեր ու կիներ խաղաղութեան, կարող ապրելու որպէս եղբայրներ ու քոյրեր, հակառակ ցեղի, կրօնի, մշակոյթի ու գաղափարախօսութեան  տարբերութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.