2015-04-23 14:21:00

Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին շուքին տակ։


Հասան Պէյլիի ափ մը քաջասիրտ Հայերը, մոլեգին խուժանին դէմ երեք օր կատաղի կռիւ մը մղելով՝ կապար եւ վառօդնին սպառելէ յետոյ, ստիպուած էին խոյս տալ Ամանոսի անմատչելի սարերը. իսկ ծերերը, կիներ ու երեխաներ, գիւղէն վեր սարահարթի մը վրայ կը հաւաքուին, վասն զի առջի իրիկուընէ իրենց գիւղը ամբողջովին կրակի էր տրուած թշնամիին ձեռքով։ Ու ադ սարահարթին վրայ, (ուր դէպքէն յետոյ կառավարութեան օժանդակութեամբ նոր եկեղեցի մը կառուցեր էին, զոր այս օրերս քանդել տուաւ Ատանայի կուսակալ Ճէմալ պէյը,) հոս ամբողջ գիշեր բաց օդին մէջ լաց ու կոծով կ'անցընեն։ Առտուն զինեալ խուժանը կը խուժէ աս անպաշտպան դժբաղդներու վրայ՝ արիւնկզակ ու պատառող գայլերու նման. հոս կը փրթի սրտաճմլիկ վայնասուն մը, աղէխարշ ճիչ մը, որուն կ'արձագանգեն լեռներն ու ձորերը Ամանոսի։ Լպիրշ ու լկտի Պաշըպօզուքները՝ կը սկսին իրենց գազանային գործին. ու ապա ադ եղկելիները կիսամերկ ու մարած վիճակի մէջ քաշկռտելով կը տանին Պախճէի կառավարչատունը, իրենց վերապահելով մանկամարդներն ու գեղեցիկները: Ասդին՝ լեռներու ծերպերը, մացառներու մէջ պահուըտած կը մնան գիւղին քահանաները, մաս մը այրեր ու կիներ։ Քիլիսէն հոն արդէն խուժանին օգնութեան հասած էին բաւական թիւով զինուորներ, որ կը սկսին փողահարութեամբ պահուըտած հայերը հրաւիրել, երդում ընելով Փատիշահին ու Մարգարէին անուան որ պիտի պաշտպանուին. ու հազիւ թէ պահուըտած խեղճերը իրենց գոյութիւնը ցոյց կուտան ու կը համախմբուին զինուորներու շուրջ, հոս կը սկսի պաշտօնական ջարդը։ Հասան Պէյլիի 80 տարեկան ծերունի քահանային կ'առաջարկեն Իսլամութեան կրօնքը ընդունիլ. քահանան գետին կը խոնարհի, քիչ մը հող կ'առնէ, կ'աղօթէ, եւ կը դնէ իր բերանը, ու իր դահիճներուն դառնալով կ'ըսէ. ,Զինուոր տղաքս, ես 80 տարեկան ծերունի մըն եմ, կրօնափոխ ըլլալէն աւելի՝ աս աշխարհէն փոխուիլը նախամեծար է ինծի. ես ձեզի յանձնուեցայ սա քանի մը ընտանիքներով. իբր օսմանցի քաջարի զինուորներ եթէ չէք խնայեր կեանքիս՝ կրնաք գնտակով մը սպաննել զիս. բայց պիտի խնդրէի որ ճիշդ սրտէս զարնէք, որպէս զի շատ չչարչարուիմ։ Զինուորները, սակայն, առանց Պաշըպօզուքներու աւելորդ յոգնութիւն մը պատճառելու՝ տեղն ու տեղը գնտակահար կ'ընեն քահանան, ու ապա կը սկսին սուիններով ծակծկել անոր մարմինը։ Հասան Պէյլիի ահաւոր ու քստմնեցուցիչ ջարդէն յետոյ՝ ողջ մնացած Հայեր տասն եւ հինգ օր վերջը վերադարձած իրենց այրած ու մոխրացած գիւղը, սկսան ասդին անդին իրենց սիրելիներու ինկած դիակները հաւաքել ու թաղել: Գտան Տ. Պետրոսի մարմինն ալ, ու երբ բզկտուած վերարկուն ու պարեգօտը կը հանէին պատանքելու համար, անոր կրծոց վրայ գտան իր արիւնոտ Մաշտոցը որ իր հօտին սիրովը բաբախող սրտին հետ սուինահար եղած էր։ Մեր վիճակային այցելութեան՝ երբ Հասան Պէյլի հասանք, նոյն Մաշտոցը ցոյց տուին, եւ ես իբր արիւնոտ յիշատակ մը առի ադ սուինահար Մաշտոցը, յանձնելու համար Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին, որպէս զի յատուկ յիշատակագրով մը պահել տան վանքին գանձարանը։ Աս Մաշտոցով շրջեցայ գիւղէ գիւղ, ու երբ Ֆասըլլը ըսուած հայ գիւղը հասայ, ուր հազիւ թէ 5-6 այր մարդ էր մնացեր 60 հոգիէ բաղկացած բնակչութենէն, քանի մը տարիքոտ այրի կիներ խնդրեցին որ չմկրտուած չորս երախաներ կան, զանոնք մկրտեմ։ Անմիջապէս տաշտի մը մէջ տաք ջուր պատրաստել տուի, ու սկսայ՝ լացող ու լացնող այրիներէ շրջապատուած՝ կատարել մկրտութեան կարգը. ու երբ տղոց անունները կոչելու կարգն եկաւ, պահ մը կեցայ առաջին մանչին վրայ. անուններ մտածեցի, սիրուած ու պաշտուած անուններ հայ նահատակներու եւ խնկելի անուններու ցանկը երամովին մէկիկ մէկիկ անցուցի մտքիս յուշատետրի թերթերը թղթատելով։ Ի՞նչ դնէի ադ գիւղի, ադ սարերու զաւկին անունը։ Նայեցայ մէյ մը երախային կայծկլտուն աչուկներուն, թումպուլ թումպուլ իրանին, կայտառ ու քաջակազմ, նայեցայ մէյ մըն ալ ձեռքս բռնած արիւնոտ ու սուինահար Մաշտոցին, ու կոչեցի երախային անունը ՍՈՒԻՆ։ Երբ Իսլահիյէ գաւառակը հասայ, գիշերը հեռագիր մը առի, Հասան Պէյլիի Եկեղեցիին քանդումը գուժող։ Ցուրտ սարսուռ մը փշաքաղեց հոգիս, ու յանկարծ մտքիս ու աչքիս առաջքն եկան սարահարթը, անոր վրայ հաւաքուած հայ կիներն ու երախաները, պղծուած պարկեշտ հայ կոյսերը, գնտակահար ծերունի քահանան, անոր արիւնոտ ու սուինահար Մաշտոցը, Ամանոս լերան կողքին վրայ քար ու քանդ եղած Ֆասըլլը հայ գիւղակը, ու հոն միւռոնէն աւելի արցունքներովս մկրտուած անմեղ երախան՝ ՍՈՒԻՆը։

 

Ներսէս Եպս. Դանիէլեան Սսական

Ատանա,1911








All the contents on this site are copyrighted ©.