2015-04-22 09:24:00

Մարոնի համայնքի Ռաի պատրիարքը եւ Ասորիներու Աֆրամ պատրիարքը մեկնեցան Երեւան


Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու համար Մարոնին համայնքի Ռաի պատրիարքը եւ Ասորիներու համայնքի Մար Եուհաննա Աֆրամ պատրիարքը մեկնեցան Երեւան։

 Երեւան մեկնելէ առաջ, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը յայտարարեց, որ Թուրքիան պէտք է ներում հայցէ Հայոց ցեղասպանութեան համար:

«Պատարագը, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, կը նպատակադրէ սրբադասել Ցեղասպանութեան նահատակները», ըսաւ կարտինալ Ռայի` աւելցնելով, որ «մենք կ՛աղօթենք բոլոր նահատակներուն համար, ըլլան անոնք հայեր թէ ասորիներ, որոնք ներկայ գտնուած են այս մեծ աղէտին»:

Ասորիներու Աֆրամ պատրիարքը շեշտեց, որ այս մասնակցութեան նպատակն է նախ եւ առաջ զօրակցիլ հայութեան, եւ երկրորդ` աշխարհին խիղճը արթնցնել եւ անոր ուշադրութիւնը հրաւիրել հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան, որ կրնայ կրկնուիլ, «իսկ մենք այսօր մտահոգ ենք, որ կրնանք նոր ցեղասպանութեան ականատես ըլլալ», ըսաւ ան:

Աֆրամ պատրիարքը ընդգծեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը այսօր պարտաւորութիւնը ունի ճանչնալու ցեղասպանութիւնը եւ հաշտուելու իր պատմութեան հետ: «Անհրաժեշտ է պատմութեան հետ հաշտուիլ, որպէսզի կեանքը խաղաղ կերպով շարունակուի», ըսաւ ան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.