2015-04-22 13:57:00

Կարդինալ Քոխ Երեւանի մէջ կը մասնակցի Հարիւրամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 21 ապրիլէն մինչեւ 24 ապրիլ, Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Քիւրդ Քոխը, մեկնած է Հայաստան  իր մասնակցութիւնը բերելու, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցիչ, Մեծ Եղեռնի եւ հայոց նահատակներու սրբադասման ու ոգեկոչումի արարողութիւններուն։

Երեք օրերու յայտագիրը կը նախատեսէ.

- 22 ապրիլին «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» բնաբանով միջազգային համաժողով որուն բացումը կատարուեցաի առաւօտեան ժամը 9,15-ին (Երեւանի ժամով) եւ որուն ընթացքին տեղի ունեցան ենթաժողովներ Եկեղեցական Պատուիրակութիւններըու մասնակցութեամբ։

Յետմիջօրէին` Էջմիածնի մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Նոր Անուններ'' բնաբանով համերգ մը ու ապա աղօթքի հսկում` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ։

- 23 ապրիլի` առաւօտեան տեղի կ՛ունենայ այցելութիւն` Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին  եւ Կոմիտաս Վարդապետի Տուն - Թեցանգարանին իսկ յետմիջօրէի ժամը 5-ին (Երեւանի ժամով)  Էջմիածնի մէջ տեղի կ՛ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներու Սրբադասման արարողութիւնը որուն կը յաջորդէ Պատուոյ ընթրիք։

Ապրիլ 24-ի առաւօտեան, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մօտ տեղի կ՛ունենայ` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Ոգեկոչման եւ Յիշատակի պաշտօնական արարողութիւնը, մասնակցութեամբ միջազգային ընտանիքը ներկայացնող պատուիրակութիւններուն եւ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Իսկ երեկոյեան` Երեւանի մէջ նախատեսուած է համերգ մը նուիրուած Հայ ազգի 1915-ի ցեղասպանութեան նահատակ զոհերուն ու անոնց յիշատակի անմահութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.