2015-04-20 09:37:00

Հայ ժողովուրդը երախտապարտ պիտի մնայ հայասէր Քահանայապետին


ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԱՇԽԱՐՀԱՑՈՒՆՑ ԽՕՍՔԸ

Իր աշխարհացունց խօսքին մէջ հաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական  իրողութիւնը, Ֆրանչիսկոս յարեց.¬ «Այսօր ալ ականատես ենք տեսակ մը ցեղասպանութեան, որ հետեւանքն է  ընդհանուր կամ հաւաքականանտարբերութեան, Կայէնի մեղսակից լռութեամբ...։ Կարծես մարդկութիւնը հրաժարած է դաս քաղելէ իր սխալներէն, որոնքհետեւանքն են ահաբեկչութեան օրէնքի։ Այնպէս որ այսօր ալ կան մարդիկ որոնք կը փորձեն բնաջնջել ուրիշները սակաւաթիւայլոց օգնութեամբ եւ մեղսակից լռութեամբ ուրիշներու, որոնք կանգնած կը նային։

«Սիրելի հայ քրիստոնեաներ, այսօր ցաւով լեցուն սրտերով, բայց միաժամանակ  մեծ յոյսով ի յարուցեալ Քրիստոս, կը յիշենք այդ ողբերգական իրադարձութեան հարիւրամեակը, այդ վիթխարի եւ անիմաստ սպանդը, որուն դաժանութիւնը ստիպուածեղան տանելու ձեր նախնիք։ Անհրաժեշտութիւն է եւ, յիրաւի, պարտաւորութիւն՝ մեծարել անոնց յիշատակը, որովհետեւ երբյիշողութիւնը կ՛աղօտի, ասիկա կը նշանակէ որ չարը թոյլ կու տայ որպէսզի վէրքերը թարախակալեն։ Չարիքը քօղարկելը կամմերժելը կը նշանակէ թոյլ տալ վէրքին արիւնահոսումը՝ առանց դեղի ու դարմանի»։

Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬րդ տարելիցին առիթով,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը   հայ ժողովուրդինպարգեւեց երկու անգերազանցելի նուէրներ՝  իր զօրակցութիւնը  Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային ճանաչմանարժանացնելու եւ զայն դատապարտելու հայկական պահանջին եւ  Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական ԵկեղեցւոյՎարդապետ հռչակումը։ Այս աննախընթաց պարգեւատրումին արձագանգեցին համաշխարհային ամէնէն հեղինակաւորլրատուամիջոցները։ Ան դարձաւ միջազգային հասարակութեան ուղղուած կոչ մը ի խնդիր  Հայոց Ցեղասպանութեանճանաչումին ու դատապարտումին՝ կանխարգիլելու համար ցեղասպանական արարքներուն կրկնութիւնը։

Սուրբ Պատարագի աւարտին երբ մեզի՝  ինծի եւ տիկնոջս բախտը շնորհուեցաւ համբուրելու Ֆրանչիսկոս ՍրբազանՔահանայապետի  Աջը եւ  ստանալու  անոր օրհնութիւնը, յուզումնախառն զգացումով Անոր ըսինք.¬ Սրբազան Հայր, լսելովՁեր խօսքը՝ Մեծ Եղեռնի նահատակներուն հոգիները ցնծացին այսօր։ «Ես ալ ուրախացայ։ Աղօթեցէք ինծի համար»պատասխանեց ան, խոնարհաբար ամուր սեղմելով մեր ձեռքը։

Վատիկանի փրոթոքոլի պատասխանատուները առիթը չտուին Անոր ըսելու որ  մեզի հետ համայն հայ ժողովուրդը պիտիաղօթէ Իրեն համար եւ երախտապարտ պիտի մնայ իրեն «ցեղասպանութիւն»  բառը անվախօրէն եւ հակառակ թրքականուղղակի եւ անուղղակի ճնշումներուն օգտագործած ըլլալուն, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական ԵկեղեցւոյՎարդապետ հռչակած ըլլալուն  եւ այս առթիւ համայն հայութիւնը իր պետական եւ հոգեւոր առաջնորդներով ՍուրբՊետրոսի Տաճարի կամարներուն տակ համախմբելուն համար։

                                                                                                                               

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

18 / 04 / 2015








All the contents on this site are copyrighted ©.