2015-04-20 09:30:00

Եազիժի Պատրիարքը կը նախագահէ առեւանգուած երկու առաջնորդներուն նուիրուած Պատարագի մը


Հալէպի մէջ երկու առաջնորդ եպիսկոպոսներ Պուլոս Եազիժիի եւ Եուհաննա Իպրահիմի առեւանգումին երկրորդ տարուան լրումին առիթով, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, Պալամանտի վանքին մէջ, երէկ նախագահեց պատարագի մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց հաշտութեան` շեշտելով, որ հարցերուն եւ խնդիրներուն լուծումը կարելի ըլլայ երկխօսութեամբ եւ ոչ թէ բռնարարքներով:

Ան աղօթեց նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած առաջնորդներուն ազատ արձակման համար:

Եազիժի պատրիարքը հաստատեց, որ երկու առաջնորդները այսօր դատարանի մը դէմ յանդիման կը գտնուին` աւելցնելով, որ այդ դատարանը սակայն արդար չէ: «Ձեր գոյատեւումը մեզի զարմանք կը պատճառէ եւ կ՛ամրապնդէ մեր կամքն ու տոկալու ուժը», ընդգծեց ան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.