2015-04-19 09:30:00

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ընտրութեան 10-րդ տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ընտրութեան 10-րդ տարեդարձով ի յայտ կու գան անոր քահանայապետութեան պտուղները։ Այսպէս արտայայտուեցաւ կարդինալ Ուելլէ`  կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին, որ նաեւ եղած է ԺոզէՖ Ռացինկերի ամենասերտ գործակիցներէն մին։ ''Տիրոջ այգիի համեստ բանուոր'' ճիշտ տասը տարի առաջ` 16 Ապրիլ 2005-ին, կարդինալ Ժոզէֆ Ռացինկեր Քահանայապետ կ՛ընտրուէր։ Անոր քահանայապետութեան բեղուն տարիներուն մասին խօսելով կարդինալ Ուելլէ հետեւեալը ըսած է. ''Ինծի կը թուի անոր քահանայապետութեան առաջին պտուղը եղաւ մեծ բախտաւորութիւն մը Եւրոպայի համար։ Ան Իր ընտրած անունով ու անոր մտածումով վերակոչեց Եւրոպայի քրիստոնեայ արմատները ու գնահատանքը հանդէպ անոր  հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան։ Անոր առաքելական ճամբորդութիւնները ու ճառերը ըլլայ Փարիզ, Լոնտոն եւ Պերլին պիտի մնան հիմնաքար մը Եւրոպայի ապագային։

Երկրորդ պտուղը` կապը ընդմէջ հաւատքի ու բանականութեան, որ կարելի է գտնել իր մեծ շրջաբերական թուղթերուն մէջ։ Ան նաեւ մօտեցուց Ս. Գիրքի մեկնաբանութիւնը աստուածաբանութեան տեսութեան ու գործնականին մէջ։

Երրորդ` անոր քարոզները քարոզութեան դպրոց մըն են, որոնք յառաջիկայ երկար տարիներուն ընթացքին պիտի կարդացուին։

Պենետիկտոս ԺԶ-ի Սուրբ Պետրոսի Աթոռէն հրաժարելուն անցան երկու տարիներ։ Վաստակաւոր Քահանայապետը կ՛ապրի աղօթքի կեանք մը։ Խոնարհութեան մեծ դաս մը բոլորին։ Անոր խոհեմութիւնն ու իմաստութիւնը հիացում կը պատճառեն։ Մէկ խօսքով ան գիտցաւ իր խաչը տանիլ ու Յիսուսի ետեւէն քալել։ Ինծի համար, ըսաւ կարդինալ Ուելլէ, եղաւ կեանքի դասատու մը, բարի մարդ մը, զարգացած, եւ շահեցաւ սիրտերը բազմաթիւ հաւատացեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.