2015-04-19 09:17:00

Թորինոյի մէջ սկիզբ կը տրուի Վարշամակի հրապարակային ցուցադրութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Վարշամակի վերջին հրապարակային ցուցադրութեան հազիւ հինգ տարի անցած է եւ  կիրակի 19 Ապրիլէն մինչեւ 24 Յունիս 2015, Թորինոյի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ վարշամակը դարձեալ կը ցուցադրուի,  Don Bosco-յի ծննդեան 200ամեակին առթիւ, ունենալով որպէս բնաբան ‘’Սէրը աւելի մեծ է’’։ Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Թորինօ քաղաքին յառաջիկայ 21 եւ 22 Յունիսին։

Վարշամակի ցուցադրութիւնը սկիզբ առաւ  կիրակի 19 Ապրիլ 2015-ի առաւօտեան ժամը 11-ին մատուցուած ձայնաւոր ս. պատարագով զոր հանդիսապետեց  Թորինօ Թեմի առաջնորդ եւ Վարշամակի քահանայապետական պահակ` գերապայծառ Չեզարէ Նոզիլիա։

Յայտնենք թէ Վարշամակի  հանրութեան ցուցադրութիւնը սկիզբ կ’առնէ կիրակի յետմիջօրէին, մուտքը անվճար է եւ բոլորին մատչելի, թէեւ մուտքի վերապահումը պարտաւորիչ է (www.sindone.org)։ Արդէն աւելի քան մէկ միլիոն այցելուներ արձանագրուած են։ 

 Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ որակած է Յիսուսի պատանքը որպէս ''Աւետարանի հայելի'' եւ ''միտքի գրգռում''։ Նշենք որ 2000-էն ի վեր այս երրորդ անգամն է որ անիկա հանրութեան կը ցուցադրուի եւ աւանդութեան համաձայն վարշամակը գործածուեցաւ Յիսուսի մարմինը պատելու համար։

Այս առթիւ գիտաժողովներ կազմակերպուած են սոյն մասունքի հարազատութեան մասին։ Արդարեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 1998-ին ըսած էր որ Վարշամակը հաւատքի մաս չի կազմեր եւ թէ պատմաբաններու ու գիտնականներուն ազատ կը ձգուի իրենց կարծիքը յայտնելու անոր մասին։ Հաւատացեալին թէ ոչ` անիկա միջոց մըն է որ  կ’օգնէ ներթափանցելու մեր Տիրոջ չարչարանքի ու մահուան մեծ խորհուրդը։ Պարզաբանելով կարելի է հաստատել որ Վարշամակի պատմութիւնը բարեպաշտութեան ու երկիւղածութեան պատմութիւն մըն է։ Դիտելով Վարշամակը կարելի պիտի ըլլայ յատկապէս խորհիլ Տիրոջ մարդեղութեան, զոհաբերումին ու Յարութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.