2015-04-18 12:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ մինչեւ Յունիս ամիս արարողութիւններու յայտագիրը


Հրապարակուեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախագահութեամբ մինչեւ Յունիս ամիս կատարելիք արարողութիւններու յայտագիրը։

 

- 26 ապրիլ 2015ին, Սուրբ Զատկուայ Դ Կիրակին,  առաւօտեան ժամը 9.30ին Նորին Սրբութիւնը,Սուրբ Պետրսոսի Տաճարին մէջ կը նախագահէ Քահանայ կը ձեռնադրէ կարգ մը երիտասարդներ։

 

- Կիրակի, 3 մայիս 2015ին , Սուրբ Զատկուայ Ե կիրակին,  յետմիջօրէին ժամը 4.00 ին, Ֆրանչիկսոս Պապը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Սանթա Մարիա Տէճինա Բաչիս ''Թագուհի խաղաղութեան'' կոչուած ժողովրդապետութիւն իսկ երեքշաբթի 12 Մայիս 2015-ին, պատարագ պիտի մատուցէ (երեկոյեան ժամը 5.30) ս. Պետրոս տաճառին մէջ, միջազգային Քարիտասի ընդհանուր ժողովի բացման առթիւ։

- Կիրակի 17 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10.00ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը կը նախագահէ Երանելի Ճովաննա Էմիլիա, երանելի Մարիա Քրիսթինա, Երանելի Մարիա Ալֆոնսինա ինչպէս նաեւ Երանելի Մարիա Տի Ճէզու Քրոչիֆիսսոյի  սրբադասման արարողութիւնը։

- Կիրակի 24  մայիսին,  Պենտեկոստէի  տօնի առթիւ, առաւօտեան ժամը 10.00ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը մատուցանէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ։

 

Իսկ 2015 ին յունիս ամսուայ ընթացքին, Ֆրանչիսկսս Պապ, Հինգշաբթի, 4 յունիսին, Յիսուսի մարմնոյ եւ արեան տօնին առթիւ, երեկոյեան ժամը 7.00ին, Հռոմի Սան Ճովաննի ին Լաթէրանօ հրապարակին վրայ, կը մատուցէ  Սուրբ Պատարագ, որուն կը յաջորդէ  թափօռ դէպի Մարիա  Մաճճիորէ Պազիլիքա ուր տեղի  պիտի ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան Օրհնութիւնը

Շաբաթ, 6 յունիսին, նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութիւնը Սարայեվօ։

Կիրակի 21 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապը հովուական այցելութեամբ կը մեկնի Իտալիոյ Թորինօ քաղաք։

Իսկ Շաբաթ, 27 յունիսի, առաւօտեան ժամը 10.00ին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը նախագահէ կարդինալական դասին Սուրբերու դատին հայող ժողովին։

Երկուշաբթի, 29 յունիսին, Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալապետերու  տօնին առթիւ, առաւօտեան ժամը 9.30ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ կը մատուցանէ Սուրբ Պատարագ որմէ ետք կը կատարէ օրհնութիւնը նորանշանակ մէթրոպոլիթէներու եմիբերուններու։Արարողութեան  կը մասնակցի Կ.Պոլսէն եկած մէկ պատուիրակութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.