2015-04-18 13:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը երիտասարդուհիներու ծառայութեան ի սպաս՝ ընկերակցութեան հետ։


Շաբաթ, 18 ապրիլին, կէսօրուան ժամը 12.30ին, Վատիկանի Քլէմէնթինա սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Երիտասարդուհիներու ծառայութեան ի սպաս՝ Կաթողիկէ միջազգային ընկերակցութեան անդամաները, որոնք Հռոմ քաղաք կը գտնուին՝ գումարելու համար իրենց ընկերակցութեան ընդհանուր ժողովը։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ գնահատանքը յայտնեց ընկերակցութեան տարած աշխատանքներուն՝ դժուարութեան մէջ գտնուող երիտասարդուհիներուն  ի նպաստ, հաստատելով՝ թէ   Ճշմարիտ երջանկութիւնը  կը կայանայ ծառայութեան մէջ՝  ինչպէս ըրաւ Յիսուս։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով դժուարութեան մէջ գտնուող երիտասարդուհիներուն ըսաւ՝ “անոնք առաջին հերթին կարիքն ունին ուշադրութեան եւ իրենց մտիկ ընողներուն։ Այս ընելով՝ անոնց օժանդակած կ՝ըլլանք աճելու վստահութեան մէջ եւ յառաջանալու մարդկային եւ հոգեւոր հասունութեան մէջ, սնելով Աւետարանի արաժէքներով։”

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց ներկաները՝ ըլլալու արժանահաւատ վկաներ դժուարութեան մատնուող երիտասարդուհիներուն հանդէպ՝ որպէսզի անոնք իրենց կարգին կարենան ապրիլ Աստուծոյ սէրէն բխած ուրախութեան փորձառութիւնը, աւելցնելով՝ թէ անոնք մեզի կը յիշեցնեն, թէ տկար ենք եւ կախեալ՝ Աստուծմէ եւ ուրիշներէն։

Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր խօսքը, մաղթանք յայտնեց կաթողիկէ միջազգային ընկերացութեան ադնամներուն, որպէսզի անոնց մէջ աճի եկեղեցւոյ պատկանելիութեան զգացումը. որովհետեւ եկեղեցին մեծ ընտանքին մըն է։. Ապա հրաւիրեց զանոնք շարունակելու հռչակել աւետարանի խօսքի ուրախութիւնը՝ նկատի ունենալով մշակութային զանազանութիւնները եւ կրօնական աւանդութիւնները։

    

 








All the contents on this site are copyrighted ©.