2015-04-18 13:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը Քահանայապետական Ընկերային Գիտութիւններու Կաճառի անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 18 ապրիլի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ուղերձ մը տուաւ Քահանայապետական Ընկերային Գիտութիւններու Կաճառի լիագումար նիստի մասնակցողներուն։

Ողջունելէ ետք ներկաները, Սրբազան Պապը խորացաւ արդի ստրկութեան դրսեւորումներու եւ անոնց դէմ մղուած պայքարին վրայ՝ գնահատելով Կաճառի տարած աշխատանքները ի նպաստ արդի ստրկութեան վերացումին, եւ ի ծառայութիւն մարդկութեան՝ յատկապէս գաղթական եւ մերժուած անհատներու։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեցուց՝ որ ամենէն աւելի կարիքաւոր եղբայրները այսօր անոնք են, որոնք ենթարկուած են ստրկութեան նոր դրսեւորումներու ողբերգութեան՝ բռնի աշխատանքի, պարտադրուած պոռնկութեան, մարմնի անդամներու եւ թմրանիւթի վաճառքի ։

Համաշխարհայնացած տնտեսական կառոյցի մը մէջ, ուր շահախնդրութիւնը կը գերիշխէ՝ ստրկութեան կերպերը վատթարացած են եւ դարձած աւելի անմարդկային քան անցեալին։ “Պէտք է միտ դնենք Քրիստոսի փրկչագործական պատգամին”՝ ըսաւ Սրբազան Պապը, աւելցնելով՝ “մենք կոչումն ունինք պայքարելու արդի ստրկութեան դէմ։ Մենք պէտք է պայքար մղենք այս չարիքին դէմ՝ ամբողջական գիտակցութեամբ՝ մինչ աշխարհ զայն կ’ուզէ թաքուն պահել՝ որովհետեւ այդ մեծ ամօթ մըն է մարդկութեան համար։ Ոչ ոք կ’ուզէ ընդունիլ այս չարիքին գոյութիւնը իր քաղաքին, մարզին եւ կամ երկրին մէջ։ Պէտք է մատնանիշ ընենք այս ահարկու պատուհասը՝ իր ամբողջ կշիռքով։ Արդէն Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը մեկին յստակութեամբ դատապարտած էր մարդկային արժանապատուութեան դէմ գործուած որեւէ բռնութիւն։

“Ես, իմ կարգիս, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, բազմիցս յայտարարած եմ՝ որ ստրկութեան նոր ձեւերը ծանրագոյն ոճիրներ են, աղէտ ներկայ մարդկութեան մարմնէն ներս։ Մարդկային համայն հասարակութիւնը պէտք է աճի այս գիտակցութեան մէջ՝ յատկապէս ազգային եւ միջազգային օրէնսդրութեան մարզէն ներս։”

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ՝ “կը քաջալերեմ ձեզ՝ ձեր այս աշխատանքին մէջ, որուն միջոցաւ ձեր նպաստը կը բերէք՝ սթափեցնելու աշխարհը այս մարտահրաւէրին դիմաց։ Սուրբ Աւետարանի լոյսը կ’առաջնորդէ այն բոլոր մարդիկը, որոնք նուիրուած են հանրութեան ծառայութեան՝ սիրով, ուր Աւետարանի Երանութիւնները (Մտթ. Ե.) կը գտնեն արձագանգ, ուր ամենանուաստներու ներգրաւումը կը դառնայ իրականութիւն։ Պէտք է կերտել երկրային քաղաքը Աւետարանի Երանութիւններու լոյսին տակ, եւ այսպէս ընթանալ դէպի երկինք՝ ընկերակցութեամբ փոքր նկատուածներուն եւ ամենանուաստներուն։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.