2015-04-18 12:23:00

Միջ կրօնական աղօթք խաղաղութեան համար Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Պոլոնիայի առաջնորդը կարդինալ Գաֆառա,  օրինակ առնելով անցեալ 8 յունիս 2014ի աղօթքի հաւաքէն, որ կատարուեցաւՎատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախաձեռնութեամբ, 16 ապրիլին, իր առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ,  կազմակերպեց խաղաղութեան համար աղօթք հրեայ, քրիստոնեայ եւ մահմետական կրօնապետերու մասնակցութեամբ։

Աղօթքի հաւաքին ընթացքին կարդացուեցան Հին Կտակարանէն, Նոր Կտակարանէն եւ Գուրանէն համարներ։

Պոլոնիայի առաջնորդը իր բարի գալուստի խօսքին մէջ աւելի քան հարիւր ներկայացուցիչներուն ըսաւ. ''անգամ մը եւս կարողացանք արհամարհել զԱստուած ու արարչագործութիւնը եւ այսպէսով յանուն կրօնքի` մարդը սպաննել ու զայն գլխատել։ Աստուած ստեղծեց մարդը իր պատկերի ու նմանութեան համաձայն։ Մենք Աբրահամի զաւակներ ենք, ուստի կանչուած ենք ամէն մարդու մէջ տեսնել Աստուծոյ պատկերը։ Դիւրին չէ խօսիլ խաղաղութեան մասին։ Մարդկութեան պատմութեան հոլովոյթին յաճախ խօսուած է խաղաղութեան մասին, սակայն մարդը նոյնքան ալ արատաւորուեցաւ պատերազմներու արիւնով։








All the contents on this site are copyrighted ©.