2015-04-18 12:34:00

Իրաքի Մուսուլ քաղաքի քրիստոնեայ հին գերեզմանատունը կործանուած է ՏԱՀԵՇ-Ի ձեռքով։


(Ռատիօ Վատիկան) Իսլամական պետութեան ռազմիկները, որ անցեալ յունիսէն բռնագրաւած են քաղաքը, կործանած են քաղաքի քրիստոնեայ հին գերեզմանատունը։

Անոնք իրենց կայքերու մէջ պատկերասփռած են կործանուած խաչքարերը, յուշաքարերը ու տապանաքարերը։ Գերեզմանը կը գտնուի ասորի օրթոտոքս աթոռանիստ եկեղեցւոյ կից։ Մայր եկեղեցին նուիրուած է ս. Թովմաս առաքեալին եւ հողին մէջ թաղուած են 1980–ական թուականին Իրաք-Իրան պատերազմի ընթացքին զոհուած զինուորներու մարմինները։








All the contents on this site are copyrighted ©.