Հինգշաբթի, 16 ապրիլին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը` յառաջիկայ 6 – 12 յուլիս 2015 հովուական այցելութեամբ կը մեկնի Էքուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուայ։
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ ընդառաջելով վերոնշեալ երկիրնրեու Պետերու եւ եպիսկոպոսներու հրաւէրին, Նորին Սրբութիւնը պիտի կատարէ հովուական այցելութիւն մը Էքուատոր 6-8 յուլիս, Պոլիվիա 8-10 յուլիս, Փարակուայ 10-12 յուլիս։ Ճամբորդութեան մանրամասնութիւնները պիտի հրատարակուին յաջորդիւ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |