2015-04-17 10:52:00

Նարեկացիի աղօթքներէն։


Տէր գթութեան, աղբիւր ողորմութեան, պարգեւ բարութեան, Որդի Բարձրեալին, Տէր Յիսուս Քրիստոս, ողորմէ՛, խնայէ՛, մարդասիրէ՛, նայէ՛ վտանգիս, ակնարկէ բեկումիս, խոնարհէ՛ դէպի իմ թշուառութիւնս, տե՛ս անդարմանելի տագնապիս պատճառած շուարանքը, հասի՛ր, հաղորդակից եղիր կորստաբեր չարչարանքներուս: Բժշկապէս շօշափէ՛ ամենաթշուառ ախտաւորութիւնս, քաղցրութեամբ ունկն մօտեցուր ողորմագին հառաչանքներուս, ակա՛նջ դիր մահուան անմռունչ հեծութեանս, գերեզմանի խոր անդունդներէն. Թո՛ղ ամենալուր լսելիքէդ ներս թափանցէ հիւծած անդամներուս պաղատնքին ձայնը: Եւ որովհետեւ կենդանութեանս գրաւականը, այսինքն հոգիս անապական է, թո՛ղ անփափոխ ըլլայ նաեւ Քու սիրոյդ գթութիւնը. Հեզութեամբ կցորդ եղիր իմ տաժանակիր տկարութեանս: Մեռած պատկերիս դէմ ոխ չպահես. Անշունչ կերպարանքիս հետ դատաքննութեան չմտնես. Մահուան տանջանքներուն վրայ նոր հարուածներ չաւելցնես. Բեկուած խեցեղէն անօթիս դէմ ուժգնութեամբ չմարտնչիս. Վճիռով կոշկոճուածիս վրայ բարկութիւնդ չկրկնես. Կործանած շէնքիս պատուհաս չհասցնես. Սպաննուած շանս վրայ քար չնետես, ջախջախուած լուիս վրայ սատիկ չորոտաս. Անպատուուած հողիս վրայ, իբրեւ ամբարհաւաճի վրայ, ուժգին չմռնչես: Մերժուելիք մոխիրս դատաստանի քննութեան չկանչես. Ցնդական փոշիս Քեզի իբրեւ դիմամարտ չգտնես. Տաղտկալի տիղմս իբրեւ ոսոխ չսեպես, անգոսնելի գարշութիւնս իբրեւ բռնամարտիկ չվանես. Ի բաց ձգուելիք խէթս իբրեւ գեհենի նիւթ չպահես. Այսքան բազմապատիկ խօսքերով կշտամբուածս վերստին չյանդիմանես:(ՆԱՐԵԿ,Բան ԿԶ, Բ մաս)








All the contents on this site are copyrighted ©.