2015-04-17 10:21:00

Խոնարհ եւ խորաթափանց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետ միշտ նոյնը կը մնայ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երկու տարի առաջ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն,  հինգշաբթի 16 ապրիլին, ան բոլորեց իր ծննդեան 88 տարեդարձը ու այս առթիւ բազմաթիւ հաւատացեալներու իրեն յայտնած  բարեմաղթութիւնները  նշան են անոր վայելած  մեծ գնահատանքին ու գորովին'' ըսաւ գերապայծառ Xuereb` Վատիկանի տնտեսութեան ընդհանուր քարտուղարը որ 2007էն մինչեւ անոր հրաժարումը եղած է Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի երկրորդ քարտուղարը։

Կը հանդիպիմ շատ մը մարդոց որ ինծի կ’ըսեն մեծ գորովով կը յիշենք զինք ու կ’աղօթենք անոր համար։  Իմ մաղթանքս ու աղօթքս է որ մարդիկը միշտ աւելի լաւ ճանչնան Պենետիկտոս ԺԶ-ի գեղեցիկ մարդկայնութիւնը, անոր համեստութիւնը ու անոր մտածումի անհուն կարողութիւնը  ու կարողութիւնը այս մտածումը ուրիշներու փոխանցելու - ըսած է միշտ գերապայծառ Xuereb արտայայտուելով Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի մասին, անոր տարեդարձին առթիւ։        








All the contents on this site are copyrighted ©.