2015-04-17 09:44:00

Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչները քննադատած են Մահճուբեանը


Թուրքիոյ խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու Սատըք Եաքութ` մեկնաբանելով Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Էթիեն Մահճուբեանի` «1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չկոչելը անկարելի է» յայտարարութիւնը, ըսած է. «Վարչապետի խորհրդականի պաշտօնը վարող մէկը Խաչակիրներու արշաւանքը կազմակերպողներուն (նկատի ունի Հռոմի պապը, «Ա.») հետ նոյն գաղափարները պէտք չէ ունենայ: 1915-ին ոչ թէ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, այլ` դաւաճանութիւն»:

Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Վոլքան Պոզքըր իր կարգին յայտարարած է. «Իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի` ան իր տեսակէտը ներկայացուցած է: Սակայն այդ յայտարարութիւնը Թուրքիոյ քաղաքացիին վայել չէ: Թերեւս ան կարելիութիւն ունենայ վերատեսութեան ենթարկելու իր տեսակէտը»:

Պոզքըր նաեւ անդրադարձած է Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին եւ նշած, որ ատիկա «պատմական ու իրաւական իրականութեան հետ որեւէ կապ չունի»: «Այդ որոշումը Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին համար ոչինչ կը նշանակէ: Միլիոնաւոր եւրոպացիներ ներկայացնող Եւրոպական խորհրդարանի պարտականութիւնը ոչ թէ պատմութիւն գրելն է, այլ ներկայիս գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն համար մնայուն լուծումներ գտնելը», ըսած է ան:

Մինչ այդ, «Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Մահճուբեան հեռացուած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնէն: Անոր գործէ արձակման պատճառը տարիքային սահմանափակումն է: Տարածուած տեղեկութեան համաձայն, Մահճուբեան գործէ արձակուած է 9 մարտին: Սակայն այլ լրատուամիջոցներ հերքեցին այս լուրը` նշելով, որ Մահճուբեան կը շարունակէ իր պաշտօնավարութիւնը, սակայն կենսաթոշակի տարիքին ամբողջանալուն առիթով (65 տարեկան) սահմանուած կարգով 9 մարտին ինքնաբերաբար նկատուած է մարդուժի պահեստի մաս: Ան ներկայիս կը շարունակէ իր պաշտօնավարումը, սակայն մէկ տարբերութեամբ, որ աշխատավարձ պիտի չստանայ, այլ` կենսաթոշակ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.