2015-04-17 09:53:00

Աշխարհի մէջ կաթողիկէներու թիւը աճում կ՛արձանագրէ` մէկ միլիառ 254 միլիոն։


(Ռատիօ Վատիկան) 2005-2013 կնքուած կաթողիկէներու թիւը աճած է 12 տոկոսով, 1 միլիառ115 միլիոնէն անցնելով 1 միլիառ 254 միլիոնի, արձանագրելով 139 միլիոն հաւատացեալներու յաւելում, կը կարդանք 2015-ի քահանայապետական տարեցոյցին մէջ, որ լոյս տեսաւ հինգշաբթի` 16 Ապրիլ 2015-ին։

Եւրոպայի կաթողիկէներու թիւը կայուն մնացած է, մինչ Ափրիկէի մէջ կաթողիկէներու թիւը աճած է 34 տոկոսով։ Ամերիկայի եւ Ասիայի մէջ կաթողիկէները աճումի մէջ են, մինչ Ովկեանեան ցամաքամասին մէջ կաթողիկէներու թիւը կայուն մնացած է։

Միսիոնար քարոզիչներու թիւը հզօրացած է,  Եւրոպայի մէջ` 19 տոկոսով, հիւսիսային Ամերիկայի մէջ` 12,5 տոկոսով. Ասիա 9,7­ իսկ Ափրիկէ մէջ 8,1 տոկոսով։

Տեղական նուիրապետութիւնները կը փոխարինեն միսիոնար եպիսկոպոսները։ Եպիսկոպոսներու մեծ թիւը կը գտնենք Ամերիկա (37,4) ու Եւրոպա (31,4), Ասիա (15,1), Ափրիկէ (13,6), Ովկիանիա (2,5)։  Քահանաներու թիւը յատկապէս աճած է  Ափրիկէի ու Ասիայի մէջ – Ներկայիս երկրագունդի քահանաներու թիւն է 415.348։ Բացի հիւսիսային Ամերիկայէն ու Եւրոպայէն աշխարհի այլ ցամաքամասերուն մէջ քահանաներու թիւը աճած է։ Մինչ մնայուն սարկաւագներու թիւը մեծ ընդլայնումի մէջ է թէ համաշխարհային գետնի վրայ եւ թէ իւրաքանչիւր ցամաքամասին մէջ։ Ամերիկայի ու Եւրոպայի մնայուն սարկաւագները կը ներկայացնեն 97,6 առ հարիւրը։ Քահանայ Կրօնաւորները ու եղբայրները եւս աճումի մէջ են։ Ներկայիս կը հաշուեն 55 հազար։ Մինչ կրօնաւորուհիներու թիւը պակսած է։ Անոնք 760.529էն անցած են 693.575։ նուազած է  նաեւ Քահանայութեան թեկնածուներու թիւը` 120.616էն անցած է 118.251։ Յայտնենք որ Քահանայապետական տարեցոյցը խնամեցին գերապայծառ Վիթթորիօ Ֆորմենթի պատասխանատուն Եկեղեցւոյ վիճակացոյցի կեդրոնական գրասենեակին եւ Էնրիքօ Նեննա  ու անոնց այլ գործակիցներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.