2015-04-12 17:30:00

Նոր Կիրակի Յովհաննէս. Ա. 1-17


Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին յաջորդող կիրակին կը կոչուի «Նոր Կիրակի»: Այս անուանումը հասած է մեզի Յովհաննէս Օձնեցիի կողմէ: Նախապէս այս Կիրակին կը կոչուէր «Զատիկ Զատիկ», «Երկրորդ Զատիկ», «Կրկնազատիկ»:

         Աստուածորդւոյն յարութեամբ` մարդկային կեանքը զգեցաւ նոր պատմուճան, լոյսի եւ սիրոյ պատմուճանը, որովհետեւ Քրիստոսի յարութիւնը  խորհրդանիշ է կեանքի, սիրոյ եւ բարիին գերակշռութեան ատելութեան եւ չարի վրայ, կեանքին յաղթանակը մահուան վրայ: Մահը ինքը մահացաւ ծնունդ տալով անմահութեան: Ահա թէ ինչու այս օրը Նոր Կիրակի կը կոչուի: Նոր Կիրակին գեղեցկագոյն առիթն է իւրաքանչիւրիս համար վերանորոգուելու եւ շարունակելու Քրիստոսի սկսած ճակատամարտը, պայքարը չարին դէմ, ընդդէմ խաւարին: Արդարեւ, աստուածային Փրկչագործութիւնը անբաժան իրականութիւն մըն է  մարդեղութեան Խորհուրդէն, որովհետեւ առանց մարդեղութեան խորհուրդին կարելի պիտի չըլլար մարդոց Փրկութիւնը: Մարդեղութեան խորհուրդը սկիզբն է փրկչագործութեան խորհուրդին: Իսկ մահը եւ յարութիւնը` անոր կատարումը:

         Մարդիկ լոյսի, այսինքն առաջնորդի պէտք ունէին: Քրիստոսէ առաջ հեթանոսութեան թանձր խաւարը պատած էր համայն աշխարհը: Մարդկութիւնը ամբողջ բարոյական սնանկութեան խորխորանին մէջ ինկած էր ու անհամբեր կը սպասէր` փրկիչի մը, որ պիտի կարենար լուսաբանել մտքերը, եւ ամէնուն սորվեցնէր կեանքի ուղիղ ճամբան, մէկ խօսքով` մարդիկ ծարաւի  էին ճշմարտութեան Լոյսին:

         Վերջապէս Աստուած գթաց մարդկութեան վրայ եւ աշխարհ ղրկեց իր Միածին Որդին` որ լուսաւորեց աշխարհը իր վարդապետութեամբ եւ սքանչելագործութեամբ: «Ճշմարիտ լոյսն էր որ կը լուսաւորէ ամէն մարդ, որ աշխարհ կու գայ»:

Ս. Յովհաննէս իր աւետարանին սկիզբ կու տայ այլազան ապացոյցներով փաստելու համար Յիսուսի Քրիստոսի Աստուածութիւնը: Արդարեւ ան կ՛ըսէ. «Եւ Բանն մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ»: Այսինքն, Աստուծոյ Խօսքը` Յիսուս, որ Աստուծոյ քովն էր, մարմին առաւ, եւ ահա կը բնակի մեր մէջ իր ուսուցումներով եւ վարդապետութեամբ, իր հաստատած խորհուրդներով, որոնց մեծագոյնը եւ սրբազնագոյնը կը հանդիսանայ ամենասուրբ հաղորդութեան խորհուրդը, զոր մեզի` հայերուս «Խորհուրդ խորհին, անհաս անսկիզբն»: թերեւս ոչ մէկ ծէսի մէջ այնքան յարմարապէս որակուած է այս խորհուրդը, որքան մեր պատարագի առաջին երգին մէջ: Խորհուրդ մը որ անսկիզբ է, որովհետեւ սկիզբէն Աստուծոյ գովն էր: եւ Բանը` այսինքն Յիսուս Աստուած էր: Այս է մեծագոյն պատգամը Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչին, զոր կ՛ուզէ մեզի փոխանցել իր Աւետարանի նախաբանին մէջ: Պօղոս առաքեալ Կողոսացիներուն ուղղած նամակին մէջ գեղեցիկ կերպով կը բացատրէ այդ անգագտելի կապը Աստուծոյ եւ իր Որդիին միջեւ երբ կ՛ըսէ. «Քրիստոս Ինք` տեսանելի պատկերն է աներեւոյթ Աստուծոյ ... Որովհետեւ Հայրը ուզեց, որ Քրիստոս իր մէջ ունենայ աստուածային բնութեան լրումը»:

Ս. Յովհաննէսի Աւետարանին նախաբանին մէջ, յստակօրէն ի յայտ կու գայ նաեւ հակադրութիւնը լոյսի եւ խաւարի միջեւ: Լոյսը, որ  նոյնինքն Յիսուսն է, արդարեւ խորհրդանիշ է արդարութեան եւ ճշմարտութեան: Աստուածորդին աշխարհ եկաւ, որպէսզի աշխարհը իսկական ճշմարտութեան առաջնորդէր: Սուրբ Յովհաննէս Կ՛ըսէ. «Որովհետեւ օրէնքը Մովսէսի միջոցաւ տրուեցաւ, մինչ շնորհքն ու ճշմարտութիւնը` Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ»: Հետեւաբար, ճշմարտութեամբ ապրողը կը լուսաւորուի եւ իր կեանքը կ՛ապրի համաձայն Աստուծոյ կամքին:

Ով Յիսուս, Փրկիչ աշխարհի եւ կեանք անձանց մերոց, քու լոյսդ սփռէ մեր վրայ, որպէսզի լոյսի որդիներ ըլլանք: Օգնէ մեզի որպէսզի ամէն օր աւելի մօտենանք քեզի` ճշմարիտին, արդարին: Դուն աշխարհի լոյսն ես, եւ միայն այդ լոյսի միջոցաւ է որ մարդս կատարելապէս կրնայ գիտակից ըլլալ թէ ո՞րն է բարին իր կեանքին, եւ ո՞րն է չարը, ո՞րն է սխալը եւ ո՞րն է ուղիղը, ճշմարիտը: Տէր ինչպէս որ Մահը խորտակեցիր, ըրէ՛ որ մենք եւս զրահուած քու սէրով, եւ մանաւանդ քու ճշմարտութեամբ շարունակենք պայքարը չարին դէմ, մինչեւ որ օր մը հասնինք մեր իսկական յարութեան:

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:








All the contents on this site are copyrighted ©.