2015-04-12 16:56:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Վարդապետ Տիեզերական եկեղեցւոյ


Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, Նախագահ Սուրբերու Դատի Ժողովին, ընկերակցութեամբ խնդրարկուի, կը դիմէ Սրբազան Քահանայապետին խնդրելով որ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակէ Վարդապետ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ

 

Սրբազան Հայր

Արդէն քրիստոնէութեան առաջին դարերէն սուրբ Հոգին Արեւելքի մէջ բազմաթիւ աստղեր յառաջ բերած է, սուրբ եւ իմաստուն մարդիկ, որոնք իրենց կեանքի օրինակով եւ վարդապետութեամբ հարթած են Աստուծոյ խորհուրդներու ճանաչման եւ Քրիստոսի հետ հանդիպման ճանապարհը։

Արեւելեան Եկեղեցիներու այլ զաւակի մը՝ Սուրբ Եփրեմ Ասորիի Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումէն մօտ հարիւր տարիներ ետք, այսօր, Գերերջանիկ Հայր, կը խնդրենք Ձեզմէ շնորհելու սոյն տիտղոսը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, վարդապետ եւ փառք Հայ Ժողովուրդի։

Այս մեծ աստուածաբանը, խորհրդական հոգեկանութեամբ եւ քերթողական արուեստով, փոխանցած է հոգեկան եւ եկեղեցական փորձառութիւնը իր կեանքով եւ վարդապետական ուսուցմամբ, մատուցանելով աստուածաբանութիւնը գեղեցիկին ճանապարհով։

Մեր սուրբին աստուածաբանական գաղափարներու խորութիւնը, իր մտածողութեան նորութիւնը եւ իր քերթողական խօսքի կորովը միշտ գնահատուած էին ըլլա՛յ ժողովրդական մակարդակի վրայ եւ կամ մշակոյթի մարդկանց շրջանակներու մէջ։ Ան միշտ բախդատուած է Եկեղեցւոյ Հայրերու հետ՝ ինչպէս Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերանի, Սուրբ Եփրեմ Ասորիի եւ կամ Գրիգոր Լուսաւորչի հետ։ Իր գործը թափանցած է հետզհետէ հոգեւոր կեանքի եւ հայ մշակոյթի բոլոր մարզերէն ներս։ Բանաստեղծութեան, մանրանկարչութեան, երաժշտութեան, վարքագրութեան, ծէսի եւ ժողովրդական մշակոյթի մէջ։

Իր յարատեւ ժողովրդականութիւնը այսօր դեռ կապուած է իր մտածականներու եւ աղօթքներու գրքին հետ՝ հեղինակի կողմէ խորագրուած՝ “Մատեան Ողբերգութեան”, եւ ճանչցուած է հայ ժողովուրդի կողմէ պարզապէս իբր “Նարեկ”։ Սուրբ Աւետարանի առընթեր ամենէն յարգուած եւ տարածուած բնագիրն է Հայաստանի մէջ։

Գերերջանիկ Հայր, այն մարզերը, ուր Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի վարդապետութիւնը ծանօթ է՝ չորս են՝

 

Այս բոլոր պատճառներուն համար, Հայ Եկեղեցւոյ Սրբազան Հովիւները շատ անգամ դիմում կատարած են Սրբազան Քահանայապետներուն խնդրելով որ Սուրբ Գրիգոր նարեկացիին շնորհուի Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետի տիտղոսը։ Վերջերս, Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովը տուած է իր դրական հաւանութիւնը թեկնածուի վարդապետական հարազատութեան շուրջ։ Աստուածաբան խորհրդականները եւ ապա Սուրբերու Դատի Ժողովի լիահաւաք համագումարը ճանչցան հայ Սուրբին Վարդապետութեան մէջ պահանջեալ պայմանները Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ տիտղոսի շնորհման համար։ Ձերդ Սրբութիւնը 2015ի փետրուարի 21ին շնորհած ունկնդրութեան մէջ սիրայօժար եղբայրակից կարդինալներու քուէները հաւաքած էր։

Գերերջանիկ Հայր, վերջապէս, չենք կրնար ուրանալ ուրիշ պարագայ մը, որ մեր խնդրանքին կը շնորհէ առաւել արժէք՝ այս տարուան հանդիպող մեծ եղեռնի հարիւրամեակը, որ վայրագ բռնութեամբ հարուածեց է հայ ժողովուրդը։

Այս ծիրէն ներս աւելի կը պայծառանայ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի դէմքը, իբր յոյսի սերմնացան եւ խաղաղութեան կերտող։

 

Մենք, Եպիսկոպոս եղբայրակիցներու խնդրանքը ընդունելով

եւ բազմաթիւ հաւատացեալներու աշխարհի բոլոր կողմերէն

Եւ նկատի առնելով Սուրբերու Ժողովի կարծիքը

ստոյգ գիտութեամբ եւ հասուն քննութեամբ

մեր առաքելական հեղինակութեամբ

գրիգոր նարեկացին ...

 








All the contents on this site are copyrighted ©.