2015-04-02 10:45:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Միւռոնի կամ ս. Իւղերու օրհնութեան պատարագը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ձեռքս կ՚ ընդունի նրան, եւ բազուկս նրան կը զօրացնի։ Այսպէս կը խորհի Տէրը երբ ինքն իր մասին կ'ըսէ. Գտայ իմ Դաւիթ ծառաս, սուրբ իւղովս օծեցի նրան։Այսպէս կը խորհի մեր Հայրը ամէն անգամ երբ ''հանդիպի'' քահանայի մը եւ կ'աւելցնէ. Իմ ճշմարտութիւնն ու սէրը հետն է։Տէրը. զիս կը կանչէ. «Իմ հայրն ես դու, Աստուա՛ծ, հաճեցնողն իմ փրկութեան»։

Շատ հաճելի է Աստուծոյ տաճարը մուտք գործել սաղմոսերգուին խօսքերով։ Տէրը կը խօսի մեր մասին` քահանաներուս մասին։ «Քեզ սիրող բարեկամներդ յատուկէն կրնան ըսել. ''Դու ես իմ Հայրը''։ Եթէ Տէ՛րը մեզմով կը մտահոգուի եւ կ'ուզէ մեզի օգնել, որովհետեւ գիտէ որ մեզի յանձնուած պարտականութիւնը (հովուել Աստուծոյ ժողովուրդը) ծանր է եւ յոգնեցուցիչ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ս. Իւղերու օրհնութեան պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ ու աւելցուց, ''Յաճախ կը խորհիմ իմ եւ ձեր յոգնութեան մասին ու կ'աղօթեմ ձեզի համար,  կ'աղօթեմ ձեզի համար դուք որ կ'աշխատիք ձեզի յանձնուած հօտին համար։ Մեր այս յոգնութիւնը, սիրեցեալ քահանաներ, նման է խունկին որ լռելեայն երկինք կը բարձրանայ։ Մեր յոգնութիւնը ուղղակի կ'երթայ դէպի Հօր Աստուծոյ սիրտը։

Նորին Սրբութիւնը իր քարոզին մէջ ապա անդրադարձաւ քահանաներու բազմատեսակ յանձառումներու մասին. աղքատներուն քարոզել Յիսուսի Աւետարանը, բանտարկեալներուն` հաղորդել ազատագրումի լուրը, կոյրերուն` բժշկութիւն, հարստահարեալներուն` ազատութիւն տալ, եւ հռչակել Տիրոջ շնորհքի տարին։ Եսայիա մարգարէն նաեւ կ'ըսէ. դարմանել կոտորած սրտերը ու մխիթարել ցաւագարները։

Այս ամէնը, ընդգծեց Սրբազան Հայրը, հեշտ պարտականութիւններ չեն, քահանայէն կը պահանջուի կարեկցող ըլլալ։ Ուրախանալ ուրախացողներուն հետ ու լալ լացողներուն հետ։ Մեզի` քահանաներուս, մեր ժողովուրդին պատմութիւնները լուրեր չեն այլ ապրումներ։ Հետեւաբար քահանայական կեանքը լոկ ծառայութիւն մըն է։

Նորին Սրբութիւնը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ նաեւ քահանաներու մարմնական ու հոգեկան յոգնութեան մասին, ընդգծելով որ այդ յոգնութիւնը կու գայ սիրոյ պակասէն ինչպէս կը կարդանք Յայտնութեան գիրքին մէջ.  ‘’համբերեցիր ու չարչարուեցար իմ անունիս համար եւ աշխատեցար։ Կ’ըսեմ քեզի սակայն թէ առաջին սէրդ թողուցիր’’։ Միմիայն սէրը, մատնանշեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, կարող է հանգչեցնել։ Ով որ չի սիրեր կը յոգնի։
Տէրը սակայն մշտատեւ կը սիրէ։ Յովհաննէս աւետարանիչը կը գրէ. ‘’Յիսուս սիրեց իրենները եւ սիրեց զանոնք ի սպառ’’։ Մտաբերելով ոտնլուայի արարողութիւնը Յիսուս իր աշակերտներուն ոտքը լուալով  մաքրեց զանոնք այդ աշխարհային ծխամէգէն, ճարպէն որ դիզուեցաւ առաքելական մեր երթին ընթացքին։ Մեր ոտքերէն գիտենք թէ ի՞նչպէս է մեր մարմնին վիճակը։  Յիսուսի ետեւէն քալելու ձեւէն գիտենք թէ ի՞նչպէս է եւ ո՞ւր է մեր սիրտը, ո՞րքանով հետամուտ եղանք մեր հօտին։ Տէրը կը լուայ ու կը մաքրէ մեր ոտքերը որպէսզի անոր ետեւէն քալենք, թող չի տար որ արատաւորուին եւ պատերազմի վէրքերու նման կը համբուրէ եւ աշխատանքի աղտէն կը լուայ։
Յիսուսի հետեւիլը մեզի ուրախութիւն կը պատճառէ, մեզ կը լիացնէ, անվախ կը դարձնէ մեզ ու քաջութիւն կու տայ ընթանալու մինչեւ աշխարհի ծայրերը, բոլորին բերելու բարի լուրը, որովհետեւ համոզուած ենք որ Ան մեզի հետ է բոլոր օրերուն, մինչեւ աշխարհի կատարածը։      








All the contents on this site are copyrighted ©.