2015-04-02 11:20:00

Յ. Պ. Բ.ի Հոգեւոր ժառանգութիւնը`Մի վախենաք, լա՛յն բացէք դռները Քրիստոսի առջեւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Մարդու արժանապատւութեան պաշտպանումը անոր բարոյական գործունէութեան հիմքը կը կազմէր: Պաշտօնի ստանձման հանդիսաւոր արարողութեան բացման ընթացքին արտայայտած «Մի վախենաք, լա՛յն բացէք դռները Քրիստոսի առջեւ» հանդիսաւոր այս յորդորը ընդգծեց իր երկար քահանայապետութեան ծրագիրը` կենդանի մնալով մարդոց սրտերու մէջ նոյնիսկ իր մահէն ետք: Ինչպէս ոսկին` այնպէս ալ ինք թրծուեցաւ Աստուծոյ կողմէ թոյլատրուած փորձութիւններէ: Դժուար մանկութիւնը, մուտքը նորընծայարան, որ պատերազմի հետեւանքով գոցուելու վտանգի մէջ էր, այս բոլորը զօրացուցին իր քաջութիւնը: Իբրեւ Կրակովիայի Արքեպիս-կոպոս երբեք չվարանեցաւ իր հաւատքը դաւանելէ` հակառակ լեհական կոմունիստական ռեժիմի յարուցած դժուարութիւններուն: Որպէս լաւ քրիստոնեայ  պայքարեցաւ` քաջութեամբ միջամուխ ըլլալով մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան: Կեանքի բոլոր պատահարներուն` յատկապէս այս վերջին տարիներու հովուական դժուարին պարտականութիւններու մէջ, հիացմունքի արժանի քաջութիւն ցուցաբերեց: Եղած է չափազանց ժուժկալ իր անձին նկատմամբ եւ կիրքերը երբեք չեն գերազանցած ո՛չ բանականութեան, ո՛չ կամքին, ո՛չ ալ սրտին:

 Աղքատութիւնը ապրեցաւ աղքատ Քրիստոսի օրինակով` գոհանալով միայն անհրաժեշով: Քսան տարեկանին արդեն կ’որոշէ ինքզինք ամբողջապէս Աստուծոյ նուիրել: Կեանքի ցաւոտ պատահարներու մէջ` Յիսուսի նման ինքն ալ սորուեցաւ իր կամքը համապատասխանել Աստուծոյ կամքին: Աստուածամօր հանդէպ ունեցած սէրն ու մեծարանքը կը սնուցանէր Վարդարանի` «խոնարհ հոգիներու» աղօթքով: Միշտ երախտապարտ էր եւ ամէն բարիք կը վերագրէր Աստուծոյ:

 Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կեանքը նորագոյն պատմութեան մէջ դիտելու ենք իբրեւ ամբողջական գլուխ մը: Ամբողջական բայց ո՛չ փակուած, որովհետեւ անոր պատգամը կենդանի է եւ ներշնչող: Անոր կեանքի հոգեւոր պտուղները դեռ մինչեւ այսօր կը տեսնուին ո՛չ միայն սիրուած անձի մը կարօտի ընդմէջէն, որ իր ընդհանրական հայրութեան նշանն է, այլ այն կեանքի օրինակին, որ Յովհաննէս Պօղոս Բ տուած է խօսքով եւ կեանքի ապրումով:

         Իր ամէնէն յայտնի գրութիւններէն մէկուն մէջ ''ոսկերիչի խանութը'' գրած է. «Սէրը դիպուած մը չէ ան մասնայատուկ արժէք մը ունի եւ միայն վայրկեանի մը համար չէ: Մարդուս յաւիտենականու-թիւնը կ’անցնի սիրոյ ընդմէջէն: Ահա թէ ինչու այն կը գտնուի Աստուծոյ հարթութեան վրայ, որովհետեւ Ի՛նք միայն յաւիտենականութիւն է: Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հոգեւոր ժառանգութիւնը յաւիտենականութեան հեւք մըն է սիրոյ ինքնանուիրումի մէջ, որ կը քաջալերէ, կը մղէ, կ’անհանգստացնէ: Այդ սէրը երբե՛ք չի մեռնիր, որովհետեւ մահէն աւելի զօրաւոր է: Հիմա հանգստի ժամանակը չէ, այլ` ապրած սիրոյ հորիզոնը ընդարձակելու դժուարին փնտռտուքի ատենն է:

Սրբութեան ամէն պատկեր, որ կը հետեւցնէ Եկեղեցական դատարանի հետազոտութիւնը, անձնական երկար նուաճումի ընթացքի լուսանկար մըն է` առաջնորդուած Աստուծոյ խորհրդա-ւոր եւ կարող Շնորհքի միջամտութենէն: Ան մարդկութեան Յաւիտենակաութեան Ակնաղբիւրէն բխող ջուրին հետքերուն խոնարհ եւ բծախնդիր փնտռտուքի պտուղ է:

         Այն օրերուն երբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-րդ` աւարտելով իր երկրային ուխտագնացութիւնը կը վերադառնար Հայրական տուն, միլիոնաւոր անձինք` հաւատացեալներ եւ անհաւատներ, կաթողիկեներ եւ այլ կրօնի դաւանողներ եկած էին «Յաւիտենական Քաղաք»` հոգեպէս միանալու իրեն` իրենց սիրոյ, համակրանքի եւ երախտագիտութեան ցոյցերով: Անոնք միաձայն էին Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մեծութեան եւ սրբութեան հանդէպ ունեցած իրենց համոզումներու մէջ: Ժողովուրդի միաս-նական ձայնը երանացման եւ սրբադասման սկիզբ հանդիսացաւ: Մեծ ուրախութեամբ եւ յոյսով սպասեցինք այս օրուան` ուր Եկեղեցին իր Հովուապետի եւ Ս. Պետրոսի յաջորդին հանդիսաւոր խօսքերով պիտի հաստատէ իր համոզումը: Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կեանքը` Աստուծոյ ժողովուրդին համար քրիստոնէական հերոսութեան վառ օրինակ մը կրնայ ըլլալ: Սրբութիւնը քրիստոնէական կեանքի ամէնէն բարձր աստիճանն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.