2015-04-01 11:23:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` ապրիլ մէկին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, հուսկ յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, մատնանշելով թէ վաղը` (2 ապրիլին) կը նշուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի մահուան 10-րդ տարեդարձը։ Անոր օրինակն ու վկայութիւնը թող միշտ վառ պահուին ձեր մէջ։ Սիրելի երիտասարդներ` սորվեցէք կեանքը դիմագրաւել Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խանդավառութեամբ եւ անոր եռանդով. Սիրելի հիւանդներ, ուրախութեամբ կրեցէք տառապանքի խաչը, այնպէս ինչպէս ինք մեզի սորվեցուց եւ դուք` սիրելի նորապսակեալներ, ձեր կեանքի որպէս կեդրոն ընտրեցէք միշտ Աստուած, որպէսզի ձեր ամուսնական կեանքը միշտ աւելիով պսակուի սիրով եւ երջանկութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.