2015-04-01 11:17:00

Ողորմութեան Սուրբ տարուայ հռչակման պաշտօնական արարողութիւնը։


Ողորմութեան արտակարգ  Սուրբ տարին, որ սկիզբ պիտի առնէ, յառաջիկայ 8 դեկտեմբեր 2015ին,  պաշտօնապէս պիտի հռչակուի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի  կողմէ յառաջիկայ շաբաթ, 11 ապրիլի յետմիջօրէին ժամը 5.30ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ։

Հռչակման Արարողութիւնը։

Սուրբ տարուայ հռչակման արարողութիւնը կը կայանայ, քահանայապետական  կոնդակէն առնուած զանազան  հատուածներու ընթերցանութեամբ զոր կը կատարուի Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի  Սուրբ դրան առջեւ։  Յաջորդաբար տեղի կ՝ունենայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախագահութեամբ,  երերկոյեան ժամերգութեան արարողութիւնը ` Աստուծոյ ողորմութեան Կիրակի օրուայ նախօրեակին։ 

Ողորմութեան տարուայ կոնդակի պարունակութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ հաստատուած ողորմութեան տարուայ կոնդակը կը պարունակէ, Սուրբ տարուայ ժամանակացոյցը, անոր սկիզբն ու վերջը, անոր ընթացքի կերպերն ու գլխաւոր կէտերը։  Կոնդակին մէջ կը նշուին նաեւ Քահանայապետի այս Սուրբ տարուայ  դիտաւորութիւններն ու ակնկալիքները։

Կոնդակի պատմականը

1933 եւ 1983 վերջին երկու արտակարգ սուրբ տարիներու կոնդակներուն հռչակումը տեղին ունեցած են Յիսուսի Սուրբ Յայտնութեան տօնին առթիւ։

Իսկ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ողորմութեան Սուրբ տարուայ  կոնդակի հռչակումը տեղի կ՝ունենայ Լատինաց ծէսի համաձայն ողորմութեան կիրակի օրը, ընդգծելու համար ողորմութեան նիւթի կարեւորութիւնը։

Կոնդակ (Պոլլա) բառը, ժամանակին, կը յատկանշէր մետաղէ պատիճը, որ կը պահպանէր թղթածրարի վրայ զետեղուած մոմէ կնիքը, վկայելու համար անոր վաւերականութիւնը։

Այժմ, ''կոնդակ'' բառը կը յատկանշէ նոյնինքն թղթածրարը որուն կարեւորութիւնը կը փաստուի Քահանայապետի զետեղած յատուկ կնիքով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.