2015-04-01 13:34:00

12 ապրիլին Վատիկանի մէջ կայանալիք Սուրբ Պատարագի մասին հաղորդագրութիւն


Չորեքշաբթի, 1 ապրիլին, Քահանայապետի ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը  հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ  տեղեկութիւններ կու տայ յառաջիկայ կիրակի` 12 ապրիլ 2015-ին կայանալիք, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախագահութեամբ,  հայ հաւատացեալներու համար  մատուցուելիք սուրբ Պատարագի արարողութեան մասին։

Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք. '' 12 ապրիլ 2015-ին, Սուրբ Զատկուայ Բ կիրակին, առաւօտեան ժամը 9.00ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ Հայ ծէսի հաւատաեցելաներուն համար,  որուն ընթացքին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին պաշտօնապէս պիտի հռչակուի ''Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ''։

Քահանայապետի ծիսական արարողութիւններու գրասենեակի  հաղորդագրութիւնը ապա կը նշէ,  թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ պիտի համապատարագեն.

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը,

Սուրբ զոհի մասնակցելու փափաքող կարդինալները, ինչպէս նաեւ Հայ ծէսի պատկանող, հրաւիրատոմս ունեցող եպիսկոպոսներն ու քահանաները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.