2015-03-31 09:25:00

Մեսրոպեան Վարժարանի հրաւէրով Ֆեթհիէ Չեթինի այցելութիւնները Լիբանանի մէջ


Հրանդ Տինք միջդպրոցական շարադրութեան մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու նպատակով Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի հրաւէրով Պէյրութ ժամանած յայտնի գրող եւ իրաւաբան, Հրանդ Տինքի դատապաշտպան Ֆեթհիէ Չեթին շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանահայ կրօնական, քաղաքական, հասարակական եւ մամուլի պատասխանատուներուն հետ, ամենուրեք արծարծելով Հրանդ Տինքի դատին, Հայոց Ցեղասպանութեան, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ապրող իսլամացած հայերու եւ հայ-թուրք յարաբերութիւններու վերաբերող խնդիրներ:

Ընկերակցութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստի եւ հայր Ղազար վրդ. Պետորսեանի, տիկին Չեթին այցելեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու՝ “Ազդակ”ի, “Զարթօնք”ի եւ “Արարատ”ի խմբագրութիւններ, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ Տեմիրճեան կեդրոն, ուր ընդունուեցաւ ՀԵԸ Լիբանանի վարչութեան անդամներուն կողմէ: Սոյն հանդիպումներուն շնորհիւ տիկին Չեթին լաւապէս  իրազեկուեցաւ լիբանանահայ համայնքի իրականութեան եւ յատկապէս անոր անսասան կեցուածքին՝  Հայոց Ցեղասպանութեան դատին ու հայ ժողովուրդի պահանջներուն տէր կանգնելուն նկատմամբ:

Հայկազեան համալսարանին մէջ տիկին Չեթին հանդիպում ունեցաւ համալսարանի անձնակազմին եւ ուսանողութեան հետ, այդ առիթով անոնց հետ քննարկելով  Տինքի դատին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող հարցեր: Նոյն նպատակին ծառայեց տիկին Չեթինի հանդիպումը Մեսրոպեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ: Այցելութեան առաջին օրը տիկին Չեթին շրջեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի բոլոր բաժանմունքները եւ տեղեկացաւ վարժարանի գործունէութեան բոլոր երեսներուն:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ








All the contents on this site are copyrighted ©.