2015-03-30 12:03:00

ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի կոչը քրիստոնեաներու ողբերգութեան ի տես:


(Ռատիօ Վատիկան) Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ու այլ փոքրամասնութիւններու սրտաճմլիկ աղաղակը առաջին անգամուան համար արձագանք գտաւ ՄԱԿի անվտանգութեան խորհուրդին մօտ։ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար` Ban Ki-moon-ը ըսաւ  որ ''իսլամական պետութեան գործադրած բռնութիւնները Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններուն դէմ, միջազգային հասարակութենէն կը պահանջէ շտապ պատասխան մը։ Հարկաւոր է վերջ դնել անպատժութեան''։

Իրաքի Քաղդէացիներու պատրիարքը իր կարգին ըսաւ. արաբական գարունը քրիստոնեաներուն համար եղաւ վնասաբեր։ Ներկայիս կը գտնուինք ողբերգական կացութեան մէջ, որուն հետեւանքով բազմաթիւ ընտանիքներ պարտադրուեցան հայրենիքէն հեռանալ։

Իրաքի ազգային ժողովի անդամ` Vian Dakhil, որ անցեալ օգոստոսին պատմեց եազիտիներու կրած ահաւոր սարսուռը, իսլամական պետութենէն, վկայեց որ երեք հազար պարմանուհիներ առեւանգուեցան եւ իւրաքանչիւրը 18 տոլարի ծախուեցաւ իսլամ ռազմիկներու կողմէ։

ֆրանսայի արտգործ նախարար` Fabius ընդգծեց վտանգը որ կրօնական փոքրամասնութիւնները անհետանան Միջին Արեւելքէն։

Իսկ իտալիոյ դեսպանը` Cardi երաշխաւորեց Իտալիոյ տուած հոգեկան եւ առողջապահական խնամատարութիւնը Իրաքի քրիստոնեաներուն։

Դիւանական կարգ մը դէտերու գնահատումով բազմաթիւ փոքրամասնութիւններ թիրախ են իսլամ մեծամասնութեան ու ծայրայեղներու եւ ասիկա յաչս միջազգային հասարակութեան լռութեան ու անտարբերութեան։ Իրաքի ու Սուրիոյ բռնատէր վարչաձեւերը միշտ յարգած են ու պաշտպանած փոքրամասնութիւնները ու անոնց պաշտամունքի վայրերը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.