2015-03-30 11:26:00

Արաբական միացեալ ուժի ստեղծման շուրջ համաձայնութիւն.


Շարմ Շէյխի մէջ երէկ վերջ գտաւ Արաբական 26-րդ վեհաժողովը, որ հաստատեց Եմէնի մէջ արաբական երկիրներու զինուորական գործողութեան շարունակութիւնը, համաձայնութիւն գոյացուց արաբական միացեալ ուժի ստեղծման շուրջ, ինչպէս նաեւ հուսի զինեալներուն կոչ ուղղեց` իշխանութեան տիրելու ջանքերը դադրեցնելով իրենց զէնքերը յանձնելու:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի վեհաժողովի աւարտին ըսաւ, որ արաբներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները հրամայական կը դարձնեն զանոնք դիմակայելու համար «վճռական միջոցառումներու որդեգրումը, մասնաւորաբար Եմէնի զարգացումներուն լոյսին տակ»: Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց արաբներուն օժանդակելու` ընդդէմ ահաբեկչութեան եւ վերջինիս ֆինանսաւորման աղբիւրներուն ցամքեցման` աւելցնելով, որ հաւատադրժողական խմբաւորումները իսլամական կրօնին հետ որեւէ կապ չունին:

Արապի շեշտեց Միջին Արեւելքը հիւլէական զէնքերէ, ներառեալ` Իսրայէլի ունեցած հիւլէական զէնքերէն ձերբազատելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ պաղեստինեան դատը իւրաքանչիւր արաբի դատն է:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի իր կարգին յայտարարեց, որ արաբ ղեկավարները որոշած են մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար արաբական միացեալ ուժերու ստեղծման սկզբունքը որդեգրել` աւելցնելով, որ արաբական երկիրներու բանակներու սպայակոյտերուն պետերը հանդիպում պիտի ունենան` քննարկելու համար նշեալ միացեալ ուժին ստեղծման մանրամասնութիւնները:

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆա յայտնեց, որ Ծոցի եւ արաբական երկիրները կը սպասեն, որ Եմէնի մէջ օրինականութեան վերականգնման համար ստեղծուած դաշինքը նաեւ արաբական այլ շրջաններով զբաղի` նշելով. «Բոլոր բռնագրաւուած երկիրները դաշինքի օրակարգին վրայ են»:

«Բոլոր այն երկիրները, որոնք միջամտութիւններէ, բռնագրաւումէ, տիրապետութենէ եւ գերիշխանութեան ոտնահարումէ կը տառապին, մեզի համար օրակարգի վրայ են», շեշտեց ան:

Եգիպտոսի նախագահը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վեհաժողովին յղած է նամակ մը, որուն մէջ նշած է. «Անկարելի է ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ` առանց շրջանային յարաբերութեան բնականոնացման ու Սուրիոյ, Եմէնի եւ Լիպիոյ տագնապներուն լուծման»` աւելցնելով, որ իր երկիրը պատրաստ է Արաբական լիկային հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու: Սակայն Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը քննադատեց Փութինի նամակը եւ ըսաւ, որ Ռուսիան «Սուրիոյ մէջ իր միջամտութեան միջոցով շրջանին մէջ խնդիրներու բարդացման կը նպաստէ»: «Ռուսերը սուրիացի ժողովուրդին ապրած տառապանքին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունին», յայտնեց Սէուտ Ֆայսալ իշխանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.