2015-03-29 11:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''Տինքա Դ Պատրիարքի մահով, աշխարհը կորսնցուց մեծ առաջնորդ մը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մար Տինքա Դ Պատրիարքի մահով, Քրիստոնեայ աշխարհը կորսնցուց հոգեւոր կարեւոր եւ մեծ առաջնորդ մը'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը, Արեւելքի Ասորիներու եկեղեցւոյ կաթողիկոս - պատրիարք` գերերջանիկ Մար Տինքա Դ-ի մահուան ի լուր յղած ցաւակցական հեռագիրին մէջ։

Երջանկայիշատակ Պատրիարքը, կը հաստատէ Պապը, եղաւ քաջ եւ իմաստուն հովիւ մը որ հաւատարմութեամբ ծառայեց իր հասարակութիւնը դժուար ժամանակներու ընթացքին եւ որ տառապեցաւ ի տես Միջին Արեւելքի աղէտալի կացութեան յատկապէս Իրագի եւ Սուրիոյ համար։ Վերյիշելով ապա երջանկայիշատակ Պատրիարքին այցելութիւնը Վատիկան, Ֆրանչիսկոս Պապը հեռագիրը եզրափակեց իր մօտիկութեան զգացումները արտայայտելով արեւելեան եկեղեցւոյ կաթողիկէ հաւատացեալներուն եւ գոհաբանութիւն յայտնելով Աստուծոյ` երջանկայիշատակ Պատրիարքին երկխօսութեան եւ համամիութեան ի սպաս տածած աշխատանքին համար։

Յայտնենք թէ Արեւելքի Ասորիներու եկեղեցւոյ կաթողիկոս - պատրիարք` գերերջանիկ Մար Տինքա Դ Պատրիարքը իր մահկանացուն կնքեց անցեալ  հինգշաբթի` 26 Մարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.