2015-03-28 08:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ապրիլին կ՛ընդունի Մաթթարելլան եւ սեպտեմբերին կը հանդիպի Օպամային։


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ ''Քուիրինալէի'' նախագահական պալատի 27 թուարկիր մէկ յայտարարութիւնը կը նշէ թէ. Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ` Սերճօ Մաթթարելլան, յառաջիկայ ապրիլ 18-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութեամբ պիտի ընդունուի Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ։

Յայտնենք թէ Սերճօ Մաթթարելլան Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ անցեալ 3 փետրուար 2015-ին։ Ան կը հանդիսանայ իտալիոյ հանրապետութեան 12-րդ նախագահը։

Իսկ յառաջիկայ 23 սեպտեմբեր 2015-ին, Միացեալ նահանգներ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի հանդիպի ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպամայի։








All the contents on this site are copyrighted ©.