2015-03-28 11:59:00

Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի շուքին տակ


Միխայէլ Հեզեմանի Մեծ Եղեռնի նուիրուած գերմաներէն հրատարակութիւնը

 

Մեծ Եղեռնի դարադարձին առիթով արդէն հրատարակուած են բազմաթիւ երկեր զանազան լեզուներով՝ քննարկելով «Հայկական Հարցը» պատմական կամ իրաւական տեսանկիւններէ։ Թուրքիոյ ուրացումը՝ զուրկ պատմականութենէ եւ իրականութեան հիմքէ միշտ աւելի խախուտ սիւներու վրայ կը գտնուի։ Հրատարակութիւններու ցանկին կու գայ միանալ գերմանացի Հեղինակ Միխայէլ Հեզեմանի գերմաներէն լեզուով երկը՝ մակագրուած՝ «Ցեղասպանութիւն Հայոց» (Völkermord an den Armeniern)։ Հրատարակութիւնը հիմնուած է «Վատիկանի Գաղտնի Դիւանի» փաստաթուղթերու վրայ։ 350 էջերու մէջ ամփոփուած են բազմաթիւ դիւանային նիւթեր եւ տրուած անոնց հետ առընչուած պատմական տուեալներ։ Հեզեման հեղինակն է բազմաթիւ պատմական եւ եկեղեցւոյ պատմութեան հայող երկերու՝ հրատարակուած 15 լեզուներով։ Գրքին մէջ լոյս տեսած լուսանկարները առնուած են զանազան հրատարակութիւններէ եւ դիւաններէ։ Մատենագիտական եւ լուսանկարներու աղբիւրներու ցանկը տրուած է աշխատութեան աւարտին։ Նախաբանը պատրաստած է Ազատ Օրտուխանեան՝ նախագահ Գերմանիոյ Հայ Կենդրոնական Խորհուրդի։

Օրտուխանեան նախաբանին մէջ կը գրէ՝ «Հեզեման իր նոր գրքով մեծ քայլ մը կը կատարէ ի նպաստ հայոց եւ այլ ժողովուրդներու՝ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած ցեղասպանութեան ընդունման եւ հատուցման։ Ան կ՝օգնէ վերապրողներու թոռներուն, մօտ ժամանակէն տօնելու բանականութեան եւ բարոյականի յաղթանակը՝ քաղաքականութեան վրայ։»

Գրքի առաջին գլխուն մէջ կը յիշուի Հիթլերի աւանդուած խօսքը՝ «միթէ այսօր ո՞վ կը խօսի հայոց բնաջնջումի մասին։» Ապա Հեզեման մէջբերելով Էլի Վիզէլի գաղափարները, որ հրեայ վերապրող մըն էր եւ խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիր, կը գրէ՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կարճարօտ կերպով՝ «Հայասպանութիւնը», բոլոր ցեղասպանութիւններու մայրն է եւ անքակտելի կերպով առընչուած քսաներորդ դարու նախնական արհաւիրքի՝ համաշխարհային առաջին պատերազմի հետ՝ ինչպէս հրեաներու ողջակիզումը կապուած է երկրորդ համաշխարհային պատերազմի հետ։»

Ըստ Հեզեմանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան անպատիժ մնալը պատճառ դարձած է այլ բազմաթիւ ցեղասպանութիւներու, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակուին։ Հեղինակը այստեղ կ՝անդրադառնայ աշխարհի չորս կողմ կատարուած եւ կատարուող ցեղասպանութիւններու՝ հասնելով մինչեւ վերջերս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդներու կրած տեղահանումներուն եւ բնաջնջումներուն։ Առանց վարանելու Հեզեման կը բացայայտէ՝ թէ այս հալածանքներուն եւ բնաջնջումներուն իրենց նպաստը կը բերեն զանազան մահմետական ծայրահեղական պետութիւններ, որոնց կարգին նաեւ Թուրքիոյ ներկայ պետութիւնը։

Թուրքիա համառօրէն կը մնայ իր ուրացողական դիրքին վրայ։ Երբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2013ի յունիս 10ին մեծ եղեռնը կ՝անուանէ «քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը»՝ Թուրքիոյ կողմէ այդ կը վերածուի դիւանագիտական հարցի։ Թուրքիոյ պատասխանը կ՝ըլլայ՝ «Թրքական արտաքին գործերու նախարարութիւնը կը դատապարտէ քահանայապետական արտայայտութիւնը իբր անընդունելի։ Կը սպասուի՝ որ Պապը նպաստէ աշխարհի խաղաղութեան, եւ ոչ թէ թշնամանքներու առիթ տայ պատմական հարցերու շուրջ։»

Հեզեմանի երկը շահեկան նպաստ մըն է հայոց հարցի արդար լուծման։ Յոյսով ենք որ ան եւ անոր նման բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ՝ առիթ ըլլան, որ հայ ժողովուրդի նկատմամբ կատարուի արդարութիւն, որ հակառակ է ներկայի շատ մը պետութիւններու, նաեւ այսպէս կոչուած «քրիստոնեայ» երկիրներու հետաքրքրութիւններուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.