2015-03-28 12:17:00

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ


                Ծաղկազարդի կիրակիով Եկեղեցին սկիզբ կու տայ Սուրբ Շաբթուան, Աւագ Շաբթուան, ծիսական տարուան ամենամեծ Շաբթուան:

                Ի՞նչ կը ներկայացնէ մեզի` քրիստոնեաներուս Ծաղկազարդի կիրակին: Ան կը յիշեցնէ մեզի` Յիսուսի յաղթական մուտքը` Երուսաղէմ քաղաքը` իր չարչարանքերուն սկիզբ տալէ քանի մը օր առաջ: Հրէական Զատկի տօնը մօտալուտ ըլլալով` Ս. Քաղաքը հաւաքած էր խուռներամ բազմութիւն մը, որ երբ կ՛իմանայ թէ Յիսուս Երուսաղէմ հասնելու վրայ է, ինքնաբերաբար անոր դիմաւորելու կ՛երթայ ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղեր առած ընդհանուր խանդավառութեան մէջ . «Ովսաննա Դաւթի Որդւոյն: Օրհնեալ ըլլայ ան որ Տիրոջ անունով կու գայ` Իսրայէլի Թագաւորը» աղաղակելով:

                Այս աղաղակներով ժողովուրդը կը խոստովանէր վերջապէս` որ Քրիստոս դարերէ ի վեր խոստացուած եւ ազգերէ սպասուած Մեսիան էր, որովհետեւ Հին Կտակարանի մէջ այդ խօսքերը Մեսիային կ՛ակնարկէին:

                Հասած էր ուրեմն լրումն ժամանակաց` Աստուծոյ Ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան համար, որ պիտի կատարուէր Մեսիայի պատուական արեան զեղումովը:

                Որքան փոփոխամիս են մարդիկ, որքան դիւրափոփոխ են մարդկային զգացումները: Նոյն ամբոխը որ այսօր « Ովսաննաներ » կը բարձրացնէ ի պատիւ Քրիստոսի` քանի մը օր ետք «խաչեսցի» պիտի աղաղակէ ու Պիղատոսէն, Հռոմէացի կուսակալէն պիտի պահանջէ Աստուածային անմեղ Գառնուկին զենումը, մահը:  Ի՞նչ պատահեցաւ: Ի՞նչ փոխուեցաւ: Միթէ նոյն Երուսաղէմը չէ՞, միթէ նոյն ամբոխը չէ՞, միթէ նոյն Քրիստոսը չէ՞: Ի՞նչպէս կրնանք բացատրել այս մեծ հակասութիւնը:

                Այս հարցադրումներուն պատասխանը կը գտնուի մեզմէ իւրաքանչիւրին ներքինին մէջ: Երբեմն կ՛ուզենք Քրիստոսի հետ ապրիլ, երբեմն ալ իրմէ շատ հեռու ենք: Երբեմն մեր ամբողջ ուժերով կը հեռանանաք մեղքէն, երբեմն ալ կամովին կը զգենունք մեղքի պատմուճանը:

                Այլ խօսքով մարդս անընդհատ բարի եւ չարի պայքարի մէջ է: Այս պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ մեր կեանքին վերջը: Երբ մեր կեանքին նպատակները պարզենք, այսինքն թէ ինչո՞ւ կ՛ապրիմ, եւ ո՞ւր պիտի հասնիմ, այն ատեն բարին կը յաղթահարէ չարիին: Եթէ նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցները, եւ եթէ մեր նպատակը եղած է հոգիներուն փրկութիւնը, այնուհետեւ պարտինք կատարել Աստուծոյ կամքը:

                Այսօրուայ մեծ եւ ուրախալի տօնակատարութիւնը մեզի վա՛յ կու տայ այն մարդուն, որ բովանդակ վստահութիւնը մարդոց վրայ կը դնէ` շուտով յուսախաբ պիտի մնայ: Այսօր Ֆրանկիսկոս Քահանայապետը գիտակից է որ բազմաթիւ հաւատացեալներ կան, որոնք այսօր կը սքանչանան անոր խօսքերուն ու գործերուն վրայ, բայց միաեւնոյն ժամանակ լաւ գիտէ թէ անոնց  մէջէն կան նաեւ մարդիկ որոնք զինք պիտի քննադատեն, պիտի նախատեն: Սակայն ինք վստահաբար համոզուած է, թէ Ան կատարելու է միշտ Աստուծոյ կամքը, ի վիճակի պարտականութիւնները Աստուծոյ սիրոյն համար եւ ոչ թէ մարդկան:

                Առաքեալը կ՛ըսէ. «Եթէ մարդկան ուզէի հաճելի ըլլալ` Աստուծոյ պաշտօնեան չէի ըլլար»: Հետեւաբար, ով որ Քրիստոսի կը հաւատայ, ով որ բովանդակ իր յոյսը Քրիստոսի վրայ կը դնէ, ան յաւիտեանս յուսախաբ չի մնար: Որ որ Աստուծոյ հետ է, Անոր հետ ինքն ալ պիտի յաղթանակէ մահը եւ դժոխքի զօրութիւնները:

                Եկէ՛ք ուրեմն, Ծաղկազարդի օրը, մեր յոյսը նորոգենք Աստուածային Փրկչին, Յիսուս Քրիստոս խաղաղութեան Թագաւորը», եւ իրմէ որդեգրենք ի վերուստ եկած խաղաղութիւնը: Յանձնառու ըլլանք խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ մարդկային արժանապատուութեան եւ անոր իսկական իրաւունքներուն պաշտպանները հանդիսանանք:

                Եկէ՛ք Քրիստոսը դիմաւորենք մեր սրտի Երուսաղէմին մէջ, այնպէս որ այս դիմաւորումը առաջին քայլը հանդիսանայ մեր սիրտը դարձնելու մշտական բնակարանը Յիսուսի Քրիստոսի:

                Եկէ՛ք դուրս վտարենք այն մեղքը, որ մեր ընկերութիւններուն մէջ արմատացած է, եւ անոր տեղ Յիսուսի Քրիստոսի անհուն սէրը ցանենք: Ամէն:









All the contents on this site are copyrighted ©.