2015-03-27 11:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապի զօրակցութիւնը իրաքի ընտանիքներուն. Սուրբ Աթոռի հաղորդագրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 27 մարտին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը  հաղորդագրութիւն մը հրատարակեց որուն մէջ կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Պապի զօրակցութիւնը Իրաքի ընտանիքներուն։

Հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը մօտէն կը հետեւի Իրաքի քրիստոնեաներու ինչպէս նաեւ  այլ փոքրամասնութիւններուն կացութեան,  որոնք բռնի կերպով տեղահան եղած են իրենց բնակարաններէն ու քաղաքներէն՝  յատկապէս Մոսուլի եւ Նինվէի գաւառներէն։

Ֆրանչիսկոս Պապը Իրաքի  գաղթական ընտանիքներուն մաղթանք կը յայտնէ որպէսզի անոնց  կարճ ժամանակամիջոցին վերադառնան իրենց տուներն ու պապական հողերը ուր դարերէ ի վեր հաստատուած  էին։

Ակնարկելով Սուրբ Զատկուայ Յիսուսի Յարութեան տօնին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ թէ` գտնուելով Աւագ շաբթուայ սեմին , Իրաքի մէջ ապրող Քրիստոնեաները, իրենց բնակարաններէն խլուած  ընտանիքները Քրիստոսի հետ կը բաժնեկիցն անարդար բռնութիւններ, մասնակից դառնալով Քրիստոսի չարչարանքներուն։ Ի տես սոյն անմարդկային իրավիճակին Ֆրանչիսկոս Պապը իր շօշափելի զօրակցութիւնը կը ցուցաբերէ  իրաքի գաղթականներուն հանդէպ՝  անոնց մօտ անգամ մը եւս ուղարկելով` Ժողովուրդներու աւետարանացումի Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին, բաժնեկցելու համար անոնց հետ՝ աղօթքի միութեամբ իր աջակցութիւնը։

Հռոմի թեմի ընտանիքները միացած իրենց Եպիսկոպոսին՝   Իրաքի ժողովուրդի հանդէպ  մօտիկութեան եւ զօրակցութեան զգացումներուն, իրենց ժողովրդապետութիւններուն մէջ դրամահաւաքի սատարով,  տառապող ընտանիքներուն  հասցէին կ՝ուղարկեն  Սուրբ Զատկուայ տօնի առթիւ պատրաստուած  յատուկ անուշեղէններ, բաժնեկցելու համար Յիսուսի Սուրբ Յարութեան ուրախութիւնը։

Իսկ Նիճերիոյ մէջ  ընտանիքներու կրած չարչարանքներուն ի տես, վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ կը տեղեկացուի, թէ Ֆրանչիսկոս Պաղը՝ Նիճերիոյ Եպիսկոպոսաց  համահաւաք դասին միջոցաւ կը փոխանցէ անոնց իր շօշափելի զօրակցութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.