2015-03-26 11:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հովուական այցելութիւնը Թորինօ, 21 եւ 22 Յունիս 2015։


Չորեքշաբթի, մարտ 25ի կէսօրին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ. անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը նուիրուած Յիսուսի պատանքին յառաջիկայ հրապարակային ցուցադրութեան, որ պիտի կատարուի Թորինօ քաղաքին մէջ՝ 2015ի ապրիլ 19էն մինչեւ յունիս 24, Սուրբ Ճովաննի Պոսքոյի ծննդեան երկրորդ դարադարձին առիթով։

Ցուցադրութիւնը յատուկ կերպով նուիրուած է երիտասարդներուն եւ տառապող աշխարհին։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ 2015ի, յունիս 21 եւ 22 ին, Թորինօ քաղաքին կատարելիք հովուական այցելութեան յայտագիրը որ կը նախատեսէ Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումը` Թորինոյի օդակայան, Կիրակի 21 Յունիսի առաւօտեան ժամը 8-ին։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ ինքնաշարժով կը փոխադրուի` ''Ռէալը'' անուան հրապարակը ուր նախատեսուած է հանդիպում` բանուորական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի արտասանէ հովուական այցելութեան առաջին ճարը, որմէ ետք կը մտնէ Թորինոյի աթոռանիստ Եկեղեցի եւ այնտեղ գտնուող ''Քրիստոսի Պատանքի'' առջեւ պահ մը աղօթքի մէջ կ՛ամփոփուի։ 

Նորին Սրբութիւնը ապա ժամը 10,45 անց ''Փիացցա Վիթթորիօ'' հրապարակի վրայ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան, որուն ընթացքին կ՛արտասանէ նաեւ յաւուր պատշաճի քարոզը։ Սրբազան արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը կը փոխադրուի Թորինոյի առաջնորդարան­, ուր խումբ մը անչափահաս պատանի բանտարկեալներու, անօթեւան անձերու եւ գնչու ընտանիքի մը հետ կէսօրուան ճաշը կը բաժնեկցի։

Յետմիջօրէի յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ ''Քոնսոլաթա'' Մարեմեան սրբավայրի այցելութեամբ ու ապա, ժամը 3-ին, Սալեզեան Միաբանութեան անդամներու եւ դաստիարակներու հետ հանդիպումով։

Ժամը 4-ին Սրբազան Հայրը կ՛այցելէ ''Քոթթոլենկօ'' հաստատութիւնը որուն առաքելութիւնն է Աստուծոյ Նախախնամութեան վրայ վստահելով, խնամք տանիլ հիւանդներուն եւ չքաւորներուն։ Սրբազան Հայրը կը հանդիպի հիւանդներուն անոնց ուղղելով ճառ մը ու ապա կ՛ուղղուի դարձեալ ''Փիացցա Վիթթորիօ'' ուր հանդիպում կ՛ունենայ երիտասարդներուն հետ աւարտելով իր այցելութեան առաջին օրուայ յայտագիրը։

Երկուշաբթի 22 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապի օրակարգը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան 9-ին, ''Վալտեզ'' հասարակութեան տաճարի այցելութեամբ ու հասարակութեան հետ հանդիպումով։  Նորին Սրբութիւնը, նշենք, բնիկ իտալացի է, առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ իր ազգականներուն հետ, ու  անոնց հետ կը կիսէ սիրոյ ճաշը։  

Ժամը 16,30-ին, նախ քան առաջնորդարանէն հրաժեշտ առնելը, Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում կ՛ունենայ Քրիստոսի պատանքին հրապարակային ցուցադրութեան կոմիտէի անդամներուն հետ, հուսկ, ժամը 17-ին կ՛ուղղուի Թորինոյի օդակայան ու վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.