2015-03-26 09:11:00

Ապրիլ 23ին, միայն Պոլսոյ հայկական Եկեղեցիներու զանգերը պիտի չղօղանջեն։


Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս, Ապրիլ 23ին աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներէն 100 անգամ պիտի ղօղանջեն զանգերը՝ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն: Զանգեր պիտի ղօղանջեն զոհերու սրբադասման արարողութենէն ետք՝ Երեւանի ժամով ժամը 19:15ին:
Զանգերը պիտի չղօղանջեն միա՛յն Պոլսոյ մէջ:
Ըստ «Ակօսի»՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Արամ արք. Աթէշեան յայտարարած է, որ Պոլսոյ մէջ զանգեր պիտի չղօղանջեն, եւ կը թուի, թէ Մայր Աթոռը ըմբռնումով կը մօտենայ այս հարցին: «Սիւիլնե»չի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Մայր Աթոռի մամլոյ դիւանի պատասխանատու Վահրամ քհնյ. Մելիքեան յայտարարած է, որ ստեղծուած վիճակը իրենց համար «լիովին ընկալելի է»:
Արամ արք. Աթէշեան յայտնած է, որ Պոլսոյ մէջ Ապրիլ 24ին յիշատակի արարողութիւններ պիտի կատարուին, բայց այլ մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած:
Ուշագրաւ է, որ Մարտ 23ին, Պոլսոյ հայկական ութ եկեղեցիներուն մէջ, Կալիփոլիի ճակատամարտի գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած զինուորներուն համար հոգեհանգիստի արարողութիւն կատարուած է: Եշիլքոյի հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցած է Արամ արք. Աթէշեան, որ յայտարարած է, թէ կ՛աղօթէ զոհուած քրիստոնեայ, իսլամ, հրեայ ու նոյնիսկ անաստուած զինուորներուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.