2015-03-25 12:02:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ընդհանուր ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի, 25 մարտին՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկդրութիւն շնորհեց Հռոմ ժամանած ուխտաւորներու։

Սրբազան Պապը ողջունեց ներկաները եւ յայտարարեց՝ թէ այսօրուան քրիստոնէականի ուսուցումը շարունակութիւնն է ընտանիքի նուիրուած ուսուցման շարքին։

“Մարտի 25ին կը կատարենք Աստուածածնի Աւետման տօնը՝ սկիզբ Քրիստոսի Մարդեղութեան խորհուրդին։ Գաբրիէլ Հրեշտակապետը կ’այցելէ Նազարէթի խոնարհ աղջկան եւ անոր կ’աւետէ՝ թէ պիտի յղանայ եւ արգանդին մէջ պիտի կրէ Աստուծոյ Որդին։ Այս Աւետումով՝ Տէրը կը լուսաւորէ եւ կ’ամրապնդէ Մարիամի հաւատքը՝ ինչպէս աւելի ուշ պիտի կատարէ նաեւ անոր նշանածին, Յովսէփի պարագային՝ որպէսզի Յիսուս ծնի մարդկային ընտանիքի մը մէջ։

Այս յոյժ գեղեցիկ իրականութիւն մըն է։ Մեզի ցոյց կու տայ, որ ինչքան խոր է Մարդեղութեան այս խորհուրդը, որ կը բովանդակէ ոչ միայն յղութիւնը մօր արգանդին մէջ, այլ նաեւ ներգրաւումը իսկական ընտանիքէ մը ներս։ Այսօր կը փափքիմ խորհրդածել ընտանիքի խորհուրդի գեղեցկութեան մասին, Աստուծոյ մարդեղութեան մասին։ Խորհդածութիւնը կատարենք՝ միասնաբար աղօթելով “Ողջոյն քեզ Մարիամ”, որ առաջին տողերուն մէջ կ’որդեգրէ հրեշտակապետին խօսքերը, որոնցմով ան կ’ողջունէ Կոյսը։”

Ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներուն հետ միասնաբար կատարելէ ետք Մարեմեան աղօթքը՝ անցաւ խորհրդածութեան երկրորդ մասին՝ նշելով Աւետման տօնի հանդիսականութիւնը, յիշելով թէ շատ մը երկիրներու մէջ այս տօնը կը կատարուի իբր “Կեանքի Օր”։

“Քսան տարիներ առաջ, այսօրուան թուականով՝ Յովհաննէս Պօղոս Սուրբ Քահանայապետը ստորագրած է “Կեանքի Աւետարանը” կոչուած շրջաբերականը։ Այսպիսի տարեդարձի մը յիշատակը կատարելու համար՝ այսօր մարդկային կեանքի նուիրուած շարժումին բազմաթիւ անդամներ ներկայ են այստեղ հրապարակի վրայ։ “Կեանքի Աւետարանը” շրջաբերականին բովանդակութեան մէջ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ ընտանիքը, որ մարդկային կեանքի արգանդն է։ Իմ նախորդս կը յիշեցնէ, որ մարդկային զոյգը՝ այր եւ կին, արդէն ի սկզբանէ օրհնուած են Աստուծոյ կողմէ՝ կազմելու համար սիրոյ եւ կեանքի միութիւն մը, որուն վստահուած է որդեծնութեան առաքլութիւնը։ Քրիստոնեայ զոյգերը՝ կատարելով Ս. Պսակի խորհուրդը՝ իրենք զիրենք տրամադրելի կը դարձնեն իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին պատուելու այս առաքելութիւնը՝ Քրիստոսի շնորհքով։ Եկեղեցին իր կարգին՝ պաշտօնապէս պարտականութիւնը կը ստանձնէ՝ հոգ տանիլ ընտանիքին, որ կը ծնի Եկեղեցւոյ ծիրէն ներս, իբր Աստուծոյ պարգեւը՝ տրուած Եկեղեցւոյ։ Եկեղեցւոյ եւ ընտանիքի կապը սուրբ է եւ անբռնաբարելի։ Եկեղեցին, իբր մայր, երբեք չի լքեր ընտանիքը՝ նոյնիսկ եթէ ան վհատութեան մէջ է, կամ վիրալից եւ կամ բազմաթիւ ձեւերով ճնշուած. նոյնիսկ եթէ ան մեղքի մէջ սայթաքի, եւ կամ Եկեղեցիէն հեռանայ։ Եկեղեցին միշտ լաւագոյնը պիտի ընէ՝ խնամելու ընտանիքը եւ բուժելու, հրաւիրելու զայն՝ դարձի գալու եւ հաշտուելու Տիրոջ հետ։

Ասոր համար, յստակ է թէ Եկեղեցին որքա´ն աղօթքներու կարիքն ունի կարենալ կատարելու իր առաքելութիւնը ընտանիքին հանդէպ։ Կարիք կայ սիրազեղ աղօթքի ընտանիքի եւ կեանքի համար. աղօթք մը, որ գիտէ հրճուիլ ուրախացողին հետ եւ տառապիլ՝ տառապողին հետ։

Արդ, իմ գործակիցներուս հետ միասին մտածեցինք առաջարկել այսօր՝ նորոգել աղօթքը ընտանիքի նուիրուած Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին համար։ Վերսկսինք այս աղօթքը կատարել մինչեւ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամիսը, ուր տեղի պիտի ունենայ ընտանիքին նուիրուած սիւնհոդոսական կանոնաւոր համագումարը։ Կ’ուզեմ որ այս աղօթքը, ինչպէս Սիւնհոդոսի ամբողջ ճանապարհը՝ ոգեւորուած ըլլայ Բարի Հովիւի իր հօտին ցուցաբերած կարեկցութեամբ՝ յատկապէս անհատներու եւ ընտանիքներու հմար, որոնք զանազան պատճառներով “հոգնած են եւ ցրուած, անհովիւ ոչխարներու նման։” (Մտթ 9, 36)

Աղօթենք՝ որ հիմնուած Տիրոջ վրայ եւ ոգեւորուած Աստուծոյ շնորհքով, Եկեղեցին կարենայ ըլլալ աւելի պատասխանատու եւ միահոգի՝ վկայելու համար Աստուծոյ սիրոյ ճշմարտութիւնը եւ Անոր ողորմածութիւնը երկրագունդի բոլոր ընտանիքներուն համար, առանց բացառելու ոեւէ մէկը՝ ըլլա´յ ան փարախէն ներս կամ դուրս։

Կը խնդրեմ որ բոլորս աղօթենք՝ քահանայապետ, կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներ եւ աշխարհական հաւատացեալներ. բոլորս ալ կոչուած ենք աղօթելու Սիւնհոդոսին համար։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.