2015-03-25 10:09:00

Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի՝ Կարդինալ Փարոլինի հեռագիրը Տիյնի քաղաքի Եպիսկոպոսին՝ գերմանական ճամբորդատար օդանաւի արկածին ի տես։


Երեքշաբթի, 24 մարտին, Վատիկանի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլին, Յանուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հեռագիր մը ուղղած է Տիյնի քաղաքի եպիսկոպոսին՝ Գերապայծառ Ժան Ֆիլիփ Նոլթիին, Ալպիան լեռներու վրայ

Գերմանական ընկերութեան պատկանող ճամբորդատար օդանաւի արկածին խլած 150 զոհերուն համար։

Հեռագիրին մէջ ծիրանաւորը յայտնած է՝ թէ Ֆրանչիկսոս Պապը կը կարեկցի զոհերու հարազատներու վիշտերուն, ինչպէս նաեւ կ՝աղօթէ անոնց հոգիներուն համար՝ ապաւինելով Աստուծոյ ողորմութեան՝ որպէսզի Ան ընդունի զանոնք իր խաղաղութեան եւ լոյսի բնակարանին մէջ։

Ֆրնաչիսկոս Պապը իր խորին խանդաղատանքը կը յայտնէ նաեւ աղէտի վայրին մօտ աշխատող փրկարար անձերուն, որոնք կը գործեն դժուարին պայմաններու մէջ։

Հեռագիրի աւարտին՝ Կարդինալը յայտնած է թէ Սրբազան Հայրը՝ Տիրոջմէ կը հայցէ մխիթարանք, գորով ինչպէս նաեւ անդորրութիւն բոլորին՝ շնորհելով անոնց Աստուածային օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.