2015-03-25 09:38:00

Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յիշատակի արարողութիւններ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, մարտ 19ին, Ս. Յովսէփի տօնին առիթով՝ Պուենոս Այրեսի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Մարիո Փոլի հանդիսական Ս. Պատարագ մատուցած է աթոռանիսկ մայր տաճարին մէջ՝ հայոց ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն զոհերուն յիշատակին։

Ս. Պատարագին մասնակցած է հայկական երգչախումբը քանի մը շարականներով։ Սուրբ Աւետարանի ընթերցումը կատարուած է հայերէն եւ սպաներէն լեզուներով։

Արարողութեան սկիզբը՝ Արքեպիսկոպոս Գիսակ Մուրատեան, Արկենդինայի եւ Չիլէյի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ տուած է բացատրութիւններ օրուան յիշատակին շուրջ։

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ՝ Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեան համապատարագած է կարդինալին եւ օգնական եպիսկոպոսներուն հետ, եւ ուղղած է շնորհակալութեան խօսքը Կարդինալ Փոլիի՝ յանձնելով անոր վերջերս “Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ” հռչակուած Գրիգոր Նարեկացիի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Եպիսկոպոսի կենսագրութիւններուն գրքոյկները։

Ապա բոլոր ներկայ հաւատացեալներուն յանձնուած է Մալոյեան նահատակ եպսիկոպոսի կենսագրութեան գրքոյկը եւ պատկերը։

Ս. Պատարագի աւարտին Կարդինալ Փոլի՝ մասնակցութեամբ Արքեպիսկոպոս Մուրատեանի եւ Պօղոսեան Եպիսկոպոսի՝ կատարած է հոգեհանգստեան պաշտօն՝ մայր տաճարի մէջ զետեղուած խաչքարին դիմաց։

Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեան փոխանցած է նաեւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարք Կաթողիկոսի ողջոյնի եւ օրհնանքի պատգամը։

Կիրակի, Ապրիլ 12ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Եղեռնի զոհերու յիշատակնի Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ։ Այդ պատարագին ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Պուենոս Այրեսի Կարդինալ Փոլի եւ Արկենդինայի Եպիսկոպոսական Ժողովի այլ ներկայացուցիչներ։

Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանի նախաձեռնութեամբ արդէն Վենեզուելայի եւ Մեքսիքոյի մէջ մատուցուած էին յիշատակի Ս. Պատարագներ։ Ապրիլ 12ի Սրբազան Քահանայապետի մատուցած Պատարագէն վերջ՝ ծրագրուած են այլ արարողութիւններ Ուրուկուայի, Չիլէյի եւ Պրազիլի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.