2015-03-25 12:11:00

150 անօճախ աղքատներու յատուկ այցելութիւնը Վատիկանի թանգարանին


Առաքելական ողորմաբաշխութեան պատասխանատու` Գերապայծառ Քոնրատ Քրաժէվսքիի նախաձեռնութեամբ եւ անոր բարձր հովանաւորութեամբ, 26 մարտի յետմիջօրէին, 150 անտուն աղքատներէ բաղկացած խումբ մը՝ կ՛այցելէ Վատիկանի թանգարանը, վայելելով անոր գեղեցկութիւնները։

Անօճախ աղքատներու խումբը՝ Վատիկանի թանգարան ժամանելու համար, պիտի քալէ առանձնաշնորհեալ ճամբէ մը, շրջագայելով Վատիկանի փոքրիկ քաղաքին մէջ եւ անցնելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի` Տոմուս Սանթա Մարթայի, բնակարանին առջեւէն։

Աղքատներու Վատիկանի Թանգարան այցելութեան աւարտին, թանգարանի կառոյցին մէջ գտնուող ճաշարանին մէջ, անոնք պիտի մասնակցին իրենց ի պատիւ սարքուած ճաշկերոյթին։








All the contents on this site are copyrighted ©.